Ս. Յարութեան տօնը, որ կը յաջորդէ մեծախորհուրդ աւագ շաբթուան, իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ եւ ցնծութեան առիթ է թէ՛ մեծերուն, եւ թէ՛ փոքրերուն։ Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը, պահապանելով Սուրբ Զատիկուան առնչուող աւանդութիւնները, Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, մէկտեղուած Համազգայինի Մշակութային կեդրոնէն ներս, աղօթքով բաց յայտարարեց իր տօնախմբումը։ Աշակերտները ընթերցեցին մեր Տիրոջ հրաշափառ Յարութեան մասին Աստուածաշնչական համարներ, արտասանեցին աղօթքներ եւ երգեր։ Կիրակնօրեայի ուսուցչաց կազմին ու աշակերտութեան ուրախութիւնը մեծ էր, երբ վայելեցին Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Լեւոն Վրդ Եղիայեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան օրհնաբեր այցելութիւնը։ Հայր Լեւոն յորդորեց Կիրակնօրեայի աշակերտութիւնը ըմբռնել Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը եւ ըսաւ. «Եկէ՛ք այսօր հաւթախաղ խաղանք, կոտրելով նաեւ մեր վատ սովորութիւններն ու մեր մէջ յարուցանենք բարի մարդը»։
Ապա իւրաքանչիւր աշակերտ ներկուած հաւկիթով փորձեց օրուան ախոյեանը հանդիսանալ։ Ետքը բաժնուեցան ուսուցչաց կազմին կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ եւ հիւրասիրութիւն։ Զատկական ուրախ մթնոլորտը, լի խաղերով ու զուարճալի պահերով, խանդավառեց Կիրակնօրեայի մանուկները, որոնք վերադարձան իրենց տուները նոյն տրամադրութեան հաղորդակից դարձնելու իրենց շրջապատը։
Յիշենք, որ Կիրակնօրեայ վարժարանը, իր աշակերտութեամբ, Ծաղկազարդի տօնին ալ մասնակցութիւն բերաւ, միանալով Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք կազմուած թափօրին։ Որմէ ետք, աշակերտները ստացան հոգշ. Հայր Լեւոնի, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցի կողմէ հիւրասիրութիւն եւ նուէրներ։
Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան