Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց. « Այն ժամանակ, երբ Սուրիան 6 Փետուար 2023-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքները յաղթահարել կը փորձեր, երկրաշարժի զոհուածները կը թաղէր, վիրաւորները կը բուժէր, միջազգային օգնութիւններ եւ ցաւակցութիւններ կը ստանար։ Իսրայէլ, Կիրակի, 19 Փետրուար 2023-ին, օդային յարձակում գործեց Դամասկոսի բնակչութեամբ հոծ թաղամասերու վրայ, որուն հետեւանքով զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան, առաւել խախտուեցաւ տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը» ։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սուրիա կ՚ակընկալէ ՄԱԿ-ի քարտուղարութենէն եւ Անվտանգութեան Խորհուրդէն դատապարտել սուրիական հողերուն վէայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումներն ու ոճրագործութիւնները, յատկապէս այս աղէտալի պայմաններուն մէջ, եւ անմիջապէս վերջ տալ անոնց։
Սուրիան անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղէ Իսրայէլի դաշնակիցներուն եւ աջակիցներուն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին՝ Իսրայէլի եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու գործած յարձակումները կանխելու գծով իրենց վստահուած դերը կատարելու»։