Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ արտակարգ ժողովի մը նախագահեց՝ քննարկելու համար Սուրիոյ ցնցած երկրաշարժին վնասները։
Նախագահը հետեւեալ որոշումներ գոյացուց.
-Արտակարգ իրավիճակ յայտարարել նախարարութիւններուն եւ նահանգներուն, անոնց ենթակայ հաստատութիւններուն մէջ։
-Քաղաքայիններու պաշտպանութեան, հրշէջներու եւ առողջապահական բոլոր խմբակներուն համար արտակարգ իրավիճակ յայտարարել։
-Սուրիական տարբեր նահանգներուն մէջ երկրաշարժէն վնասուածներուն առողջապահական ծառայութիւն տրամադրել եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան եւ Առողջապահութեան նախարարութիւններուն մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարել։
-Երկրաշարժէն վնասուածներուն ապաստան եւ սննդեղէն ապահովել։
-Քարիւղային արտադրութիւններ ապահովել սաստիկ վնասուած նահանգներուն։
-Ջրամբարներու նախարարութեան յանձնարարել ամբարտակներու պահեստի եւ ջրամուղ կայաններու քննութիւնը։