Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Հասիչէ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելեց Հասիչէի Նահանգապետ դոկտ. Լուէյ Սայուհի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Հասիչէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, Գամիշլիի եւ Հասիչէի թաղականութեան անդամներ:
Նահանգապետարանի մուտքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ, ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Նահանգապետին եւ նահանգապետարանի պատասխանատուներուն կողմէ:
Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէ շրջանէն ներս իր տուած այցելութիւններուն:
Սրբազան Հայրը հիացմունքով յայտնեց Ճեզիրէ շրջանէն ներս տիրող իսլամ-քրիստոնեայ, նոյնպէս քրիստոնեայ եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան եւ անկեղծ փոխ-յարաբերութեան, որ իսկական պատկերը կը ներկայացնէ Սուրիոյ։
Ան հաստատեց, թէ սուրիահայութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ սուրիական հայրենիքին, հաւատարմութիւն մը, որ կու գայ մեր պատմութեան խորքէն, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած մեր ժողովուրդի գաղթական զաւակները, Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին կողմէ հիւրընկալուեցան եւ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ վայելեցին սուրիական հայրենիքի բոլոր բարիքները:
Մակար Սրբազան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, մաղթեց որ Սուրիոյ գրաւեալ տարածքները վերադառնալով, Սուրիան պահէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Նահանգապետը շնորհաւորեց նորընտիր Առաջնորդը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր, յայտնելով, որ այս այցելութիւնը եղբայրական սիրոյ եւ փոխ գործակցութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն է: Ան յայտնեց, թէ սուրիական հայրենիքը իր ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներով մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ եւ բոլորին գործակցութեամբ առաւել կը պայծառանայ։
Սրբազան Հայրը գնահատեց Նահանգապետին ցուցաբերած գործակցութիւնը հայ համայնքին նկատմամբ եւ Նոր Տարուան առիթով քաջառողջութեան եւ յաջողութեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։