Բարե՛ւ Հալէպ, Համազգային եւ «Աղբալեան»-ականներ։
Համազգայնականներու մտերմիկ հանդիպման երեկոյին ներկայ եւ բացակայ «Աղբալեան»-ականները, հալէպահայերը՝ իբրեւ ղօղանջ սթափութեան, հրաւիրած ենք բոլորս Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ հնադարեան զանգին ղօղանջին առնչուելու եւ անոր ոգեղէն խորհուրդը միտք բանի վերածելով համախմբելու աշխարհասփիւռ համազգայնականները։
Օրհաս է ամէնուրեք։
Վտանգուած է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռադրոշմ եռամիասնութիւնը, որուն ի տես եւ ականջալուր իրաւունք եւ պարտականութիւն ունինք մեր ոչ-երազային Հալէպէն հնչեցնելու միասնականութեան մարտահրաւէր՝ «Աղբալեան»-ականներու ձեռամբ։
Մնաք միշտ ձեր իրագործումներուն հետեւողը։
Այս առիթով կ’արձանագրեմ երկու դրուագ անցեալէն։
Ա.
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի կեդրոնատեղին տեղակայուած ըլլալով Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, յաճախ վայելած է Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդներուն բարեբեր «դրացիութիւնը»։
Ուստի, Հալէպ այցելող իւրաքանչիւր մտաւորական հիւրին կամ գրասէր այցելուին հետ տեսնուելու համար,- անկախ թէ ան մեր վարչութեան հետ տեսակցելու փափաք յայտնած ըլլար կամ ոչ,- կը դիմէինք առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ելքը կը գտնուէր։
Յատկանշական էր, սակայն, երբ գաղութիս հիւրն էր Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ հովուապետը։ Մեզի տրամադրած էր սահմանափակ ժամանակ։ Հոն էինք լրիւ կազմով։
Վեհափառը ցանկաց իմանալ մասնաճիւղի վարչութեան գործունէութեան մասին։ Սկսանք ժողովներուն ընթերցուած տեղեկագրերու հերթականութեամբ զեկուցել մինչեւ որ բարի ժպիտին հետ ինծի ուղղուած նայուածքը կասեցուց, խօսքս բերնիս մէջ ձգեց երբ ըսաւ.
– Վահէ էր անունդ, չէ՞։
– Այո՛, Վեհափա՛ռ Տէր, Վահէ Ժամագործեան։
– Ձեր պատմածներէն կը հասկնամ, որ ժամացոյցի մը պէս աշխատած էք։ Ողջունելի է։ Ապրիք։ Սակայն ո՞ւր է ստեղծագործական տարերգը այս բոլորին մէջ։ Օրինակ՝ գիրք գրած կամ հրատարակած ունի՞ք։ Թատերգութիւն մը թարգմանած կամ հեղինակած ունի՞ք։ Եթէ ոչ, ուրեմն տեղքայլի մէջ կը մնաք հայ մշակոյթի գեղեցիկ պարտէզէն ներս։
Մեզի կը մնար շնորհակալութիւն յայտնել եւ բաժնուիլ Վեհափառ մեծութենէն, մեզի հետ տանելով այսքան ուսանելի դաս մը, որուն աշակերտները եղանք մենք՝ «Աբղալեան»-ականներս, դասարանը՝ վարչութեան սենեակն էր, իսկ վիճակացոյցը՝ յաջորդող տարիներուն վրայ տարածուած գործունէութիւնը։
Բ.
Յաճախակի էին Լիբանանէն ժամանող մտաւորականներու հետ մեր վարչական կազմին տեսակցութիւնները։
Անոնք կու գային Հալէպ բանախօսելու կամ գեղարուեստական դաստիարակութեան նրբութիւնները փոխանցելու մեր սիրողական խումբերուն։
Այս անգամ ՀՅԴ-ի յոբելինական հանդիսութեան հիւրն էր ընկ. Բաբգէն Փափազեանը։ Իր բազմաժանր փորձառութեան եւ ազգային-միջազգային գիտելիքներուն կողքին, լսած էինք եւ կարդացած, որ ունի թատերական լուրջ ուսումնասիրութիւններ եւ փորձ։
Կրկին հաւաքուեցանք վարչութեամբ եւ ուղղուեցանք դէպի Ա. Մանուկեան Ժողովրդային տուն, ուր կրցանք տեսակցիլ ընկերոջ հետ, խնամակալութեան գրասենեակին մէջ։
Այս անգամ սակայն մեր նոյն աւետարանը չէինք տարած մեր հետ, այլ զրոյց էր թատրոնի առինքնող աշխարհին շուրջ՝ մեր իմացածին չափով։
Առիթը պատեհ նկատելով հարցուցի թէ, շուտով նշելու ենք Համազգայինի յոբելինականը եւ թատերականի մեր ընկեր-ընկերուհիները կը փափաքին իմանալ թէ նման առիթի մը համար գրուած թատերգութիւն մը կա՞յ։
Դարձեալ բարի ժպիտ մը։ Այդ բարի՛ ժպիտով միայն մեծերն են, որոնց հետքերով կը քալենք ազգովին։
– Ընկերնե՛ր, որակն է կարեւորը։ Մեր ժողովուրդին հրամցուցէ՛ք գեղեցիկ կատարումով երգ, ասմունք, պար կամ խօսք, ուր տիրապետողը բարձր արուեստն ու որակական յատկանիշներն են, կը գնահատուիք։ Ինչո՞ւ չէ, կարելի է թաւ ջութակի գեղեցիկ կատարում մը՝ ձեր այդ յոբելեանին։
Երկրորդ դասը աւարտած էր։