Լաւագոյնին ձգտելով լաւին չհասայ,
Բայց շատ բան իմացայ։
Հաւատացէ՛ք մեր կացութիւնը աւելի կը բարդանայ։
Շատ բան ունիմ ըսելու, բայց հաւանաբար ոմանք պատրաստ չեն լսելու։
«Սուրը չթողեց որ երգիչ դառնամ, երգը չթողեց որ մարտիկ դառնամ»։
Բազմակողմանի էր հետաքրքրութիւնս եւ քաղաքական կեանքը գրաւիչ ու պարտադիր՝ իմ ըմբռնումով։
Ես չեմ եկած դաստիարակչական ծրագիր ներկայացնելու։ Եկած եմ ձեր հետ ցաւս ու դժուարութիւններս բաժնեկցելու։
Ես չեմ եկած ձեր մէջ հակառակորդ փնտռելու։ Ընդհակառակն՝ ձեզմով շրջապատուած ըլլալուս հպարտութիւնը զգալու ու ապրելու։
Ես եկած եմ ձեր մէջ ազգիս կրծուած եսը փնտռելու ու վերականգնելու։
Եկած եմ անգամուան մը համար, ապաւինելով ու հայցելով ձեր ներողամտութիւնը, ձայն բարձրացնելու, աղաղակելու ու մեր բախտն ու ճակատագիրը անիծելու։
Թող Աստուած բաւ համարէ այլեւս մեր ծնողներուն արցունքն ու երիտասարդներուն արիւնը։
Եկած եմ կաղապարի պատը քանդելու ու գաղափարի վսեմութիւնը ցոլացնելու։
Տարտամ գաղափարներ ու մտածումներ խճողած են միտքս, ո՞ր մէկը առաջ ըսեմ, ի՞նչ շարքով թուեմ։ Հիները ըսած են՝ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ», բայց այսօր մայր հայրենիքի մէջ ինկած կրակը պիտի այրէ հաւասարապէս բոլորս։
Սիրելինե՛ր,
Մեծ տարբերութիւն կը տեսնեմ երկուքին միջեւ՝ գրական պատմութիւն եւ գրականութեան պատմութիւն։
Առաջինը մասնական էր, իսկ երկրորդը՝ ընդհանուր։ Առանց մասնականի անհնար է ընդհանուրին կառուցումը։
Գործնական առումով օգտակար է տարբերութիւն դնել կրկնուող եւ անկրկնելի երեւոյթներու միջեւ եւ այդ տարբերութիւնը պահել համակերպումով։
Կեանքը կայուն չէ տիեզերքի մէջ եւ երկրի վրայ։Հետեւապէս կայուն չէ եւ մշակոյթը, զուգահեռ՝ բայց ոչ նոյն, նման բայց ոչ կրկնութիւն։
Կեանքի մէջ դէպքերն ու երեւոյթները իմաստ կը ստանան այն անձերուն ընդմէջէն, որոնք ապագային հանդէպ ունին տեսլական։
Ղեկավարի յատկութիւնը այսօրը տնօրինելու մէջ չէ, այլ վաղը նախատեսելու։
Այո՛, անկրկնելի՝ ու այդպէս էին Համազգայինին գաղափարը յղացողներն ու իրագործողները։
Անոնք խախտեցին կեանքի օրէնքները եւ յաղաթահարեցին դժուարութիւնները։ Գերազանցեցին նոյնիսկ իրենց անձնական կարողութիւնները։
Հայ Սփիւռքի «Գոյաւորումը» որակական նոր վիճակ էր, աւելի քան տարագրութիւն։
Սիրելինե՛ր,
Այս երկրագունդին վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդկային օղակ ունի առաքելութիւն, որ իր ընթացքով կ’արժեւորէ եւ գոյատեւելու իրաւունք կը ստանայ եւ կամ ինքզինք չարդարացնելով կը մնայ պատմութեան ծալքերուն մէջ ու մոռացութեան ենթակայ։
Մեր պատմութեան ամէնէն «փայլուն» էջը դաւաճանութիւնն է, ու զայն մաքրելու ճամբուն վրայ ազգովին մեր վճարած սուղ գինն է։
Յոռետեսութիւն սփռելու համար չէ որ այս կ’ըսեմ, ինքնախաբէութենէն յոգնածութիւնը կը պարտադրէ այս մէկը։
Մեր ղեկավարները այս միութեան գոյատեւումին յենասիւներէն համարեցին անկեղծութիւնը։
Համոզումով յայտարարեցին՝
Անկեղծութեան երդումը, ոչ ձեռք կ’ուզէ եւ ոչ ալ դրօշ, այլ կ’ուզէ քիչ մը խղճի արթնութիւն ու քիչ մըն ալ պատկանելիութեան հպարտութիւն։
Խտացուցին ամբողջ պատմութիւն մը երկու բառերու մէջ եւ միութիւնը մկրտեցին կրթական եւ մշակութային, որովհետեւ ազգապահպանման մեծագոյն յենարանն է մշակոյթը, իսկ մշակոյթի անկիւնաքարը՝ կրթութիւնը։
Այս միութեան ռահվիրանները բնորոշուեցան երեք յատկութիւններով՝ նախատեսող, ծրագրող, իրագործող։
Ոչ ամբողջական բանաձեւ ստացած բառամթերքի մը մէջ կորսուած Ազգ, Ազգութիւն, Ազգային, Համազգային ու ապազգային։
Ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
Մշակոյթն ու պատմութիւնը, երգն ու երաժշտութիւնը, ազգայինն ու յեղափոխականը, սիրայինն ու աշուղականը, գիրն ու գրականութիւնը, գիտելիքն ու գիտութիւնը, պարն ու ասմունքը, բեմն ու թատրոնը մշակոյթի ստեղծման երաշխիքներն են։
Բայց անարդարութեան դէմ ծառանալը մշակոյթի ամբողջացումն է։
Իսկ պատմութիւնը՝ խառնուրդ երկրի եւ երկնքի, հողի ու հոգիի, մութի ու լոյսի։
Համազգայինի որդեգրած ուղին հագած է զգեստը ազգային։
Համազգայինի որդեգրած ճանապարհը որակուեցաւ՝ ուրոյն, տոկուն, աննկուն։
Համազգայինը այն մթնոլորտն է, ուր մանուկի անկատար խօսքերու յօրինումը եւ ճարտասանի սքանչելի պարբերութիւնները կը նոյնանան որպէս ներքին աշխարհի արտայայտութիւն եւ դրսեւորում։ Իւրաքանչիւրը իր ունեցած գիտելիքներով ու ուրոյն ոճով։
Համազգայինը այն պարարտ հողն է, ուր միս ու ոսկոր կը ստանան դողդոջը՝ իր ողնաշարը ամրացնելու եւ հմուտը՝ իր հմտութիւնը փոխանցելու համեստութեամբ։
Սիրելինե՛ր,
Մեր յիշողութիւնը թարմացնելով մենք ծնունդն ենք վաղեմի ժողովուրդի մը, որ տառապեցաւ ու պայքարեցաւ յանուն ազատութեան ու հաւատքի։ Մենք ոչ ինքնանպատակ ենք ոչ ալ աննպատակ։
Յղացք է թէ ընդօրինակութիւն, որուն արդիւնքն է խայտառակութիւն, եթէ հիմքը չի բուրեր ազգութիւն։ Բնածին է եւ կամ ստացական այդ մէկն ալ կ’որոշէ ապագան։
Սիրելինե՛ր,
Բարձրաքիթը չի գիտեր ինչ է երախտիքը։
Եւ վերջապէս եկած եմ համոզումով եզրակացնելու եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու հայրենիքի սահմանը պաշտպանելու կոչուած իւրաքանչիւր հայ զինուորին, որ յանձն առած է այդ նպատակին նահատակութեամբ իսկ հասնիլը։
Այս բոլորին ետին կանգնած է կազմակերպութիւն մը, որ ազգային մեր յիշողութիւնը վերականգնելու նուիրական գործին պաշտօնակոչուած պատմութիւն կերտած է։
Յանուն հայութեան ազգացման ու քաղաքականացման եւ բնականաբար հայ ազգային մշակոյթի ստեղծման ու զարգացման՝ դիմագիծ կերտել, նկարագիր դարբնել, ազգայնանալ։
Ահա հայակերտութեան հիմնական յատկանիշը, ոգին ու արժէքը։
Հետեւաբար այս հաւաքականութիւնը իրաւունք չունի իր իսկ ժառանգը մսխելու։
Սիրելինե՛ր,
Այս բոլորը իրականացնելու համար մեզի կը պակսի մէկն ու միակ բանը՝ քիչ մը լրջութիւն։