ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մեկնաբանելով 31 Օգոստոսի պրիւքսէլեան հանդիպումին մասին որոշ շահարկումներ, յայտարարած է, որ բանակցութիւններու շարունակական կամայական, իրականութեան չհամապատասխանող մեկնաբանութիւնները եւ համաձայնութիւններու կատարումէն խուսափիլը թոյլ կու տան մտածելու, որ Ատրպէյճան միտում ունի տապալելու խաղաղութեան գործընթացը եւ ուժի կիրառումի միջոցով շարունակելու ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը:
«Հայկական կողմին տեսակէտը Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուած հինգ կէտերու մասին անփոփոխ է: Ինչպէս ըսած ենք նախապէս, 10 Մարտ 2022-ին Ատրպէյճանի կողմէն փոխանցուած առաջարկներուն մէջ մեզի համար անընդունելի ոչինչ կայ։ Այլ բան, որ այդ առաջարկները չեն հասցէագրեր Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան օրակարգի բոլոր հարցերը: ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն փոխանցած մեր պատասխանով մենք լրացուցած ենք օրակարգը եւ հետեւաբար՝ այդ հիմքին վրայ պատրաստ ենք խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակութեան։
Անգամ մը եւս վերահաստատուած է վարչապետ Փաշինեանի կողմէն Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած վերջին քննարկումներու ընթացքին:
Այս տեսակէտը չլսելը կամ չլսելու փորձերը հայկական կողմին հիմք կու տան կասկածելու Ատրպէյճանի՝ խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութեան մէջ»,ըսուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մեկնաբանութեան մէջ։