«Թեհրանը կ’ընդդիմանայ, եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահման արգելափակելու քաղաքականութիւն վարուի». Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդը բաց բնաբանով կ’ըսէ Թուրքիոյ նախագահին, որ փոքր եղբօր՝ Պաքուի բռնապետին հետ միասին Երեւանէն պահանջած է, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» բացում: Այատոլլա Ալի Խամենէին շեշտած է հայ-իրանական սահմանի կարեւորութիւնը:
Իրանի գերագոյն առաջնորդը Էրտողանին անգամ մը եւս կը զգուշացնէ. Սուրիոյ հիւսիսին թրքական ծրագրուող յարձակումէն պիտի տուժեն Թուրքիան, Սուրիան եւ ամբողջ տարածաշրջանը, օգուտ պիտի քաղեն միայն ահաբեկիչները:
Թուրքիոյ նախագահը Մայիսի վերջաւորութեան յայտարարած էր Սուրիոյ հիւսիսի մօտ ապագային զինուորական նոր գործողութիւն սկսելու, իսկ իրականութեան մէջ՝ հակաահաբեկչական գործողութեան անուան տակ այդ երկիր ներխուժելու եւ նոր տարածքներ զաւթելու ծրագիրի մասին է, որուն դէմ են Դամասկոսի դաշնակիցներ Թեհրանն ու Մոսկուան: Էրտողանի այդ յայտարարութենէն մպտ 2 ամիս անցած է, բայց թրքական յարձակումը տակաւին չէ սկսած: Աւելին, Թուրքիոյ նախագահը Թեհրանի մէջ ըլլալով, երկկողմ օրակարգէն զատ, պիտի քննարկեն Սուրիոյ հարցը՝ Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ բանակցային սեղանի շուրջ: «Աստանայի ձեւաչափով»՝ Թուրքիան, Իրանն ու Ռուսիան Սուրիոյ իրավիճակի կարգաւորման երաշխաւոր երկրներ են: Իրանի նախագահի հետ միատեղ ասուլիսին Էրտողան ըսած է, որ պիտի փորձեն վերակենդանացնել «Աստանայի ձեւաչափը»:
Սա Ռուսիոյ նախագահի արտասահմանեան երկրորդ այցելութիւնն է՝ Ուքրանիոյ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր: Փութին Թեհրանի մէջ Էրտողանի հետ առանձին պիտի քննարկէ նաեւ Ուքրանիոյ հարցը: