“Արմէնփրէս”_ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան եւ դեսպան Սերտար Քըլըչ 1 Յուլիսին չորրորդ հանդիպումը կատարած են Վիեննայի մէջ։
 
Կողմերը հանաձայնած են
մատչելի եղած ամենասեղմ ժամկետներով Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութիւն ապահովելու, համապատասխանաբար, Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները:
 
«Համաձայնած են նաեւ կարելի եղած ամենասեղմ ժամկէտներով մեկնարկել Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացումը եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները:
 
Բացի այդ, քննարկուած են այլ կարելի որոշակի քայլեր, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
 
Աղբիւրին համաձայն, ի վերջոյ, կողմերը կրկին ընդգծած են իրենց համաձայնութիւնը՝ շարունակելու կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու։