“Երկիր”._Վիեննայի մէջ 1 Յուլիսին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը սկիզբ առաւ:
 
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
 
Աւելի ուշ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած էին, որ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 1 Յուլիսին Վիեննայի մէջ։
 
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներու նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է 3 Մայիսին:
 
Յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատած են այս գործընթացին միջոցով իրենց երկիրներու միջեւ լիարժէք կարգաւորման հասնելու նպատակը։ Այս առնչութեամբ, անոնք ունեցած են յստակ տեսակէտներու անկեղծ ու արդիւնաւէտ փոխանակում եւ քննարկած են կարելի եղած քայլերը, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ այս ուղղութեամբ շօշափելի յառաջընթացի հասնելու համար։
 
Անոնք վերահաստատած են իրենց համաձայնութիւնը՝ շարունակելու գործընթացը առանց նախապայմաններու։