Մեծախորհուրդ աւագ շաբթուան աւարտին, իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Ս. Յարութեան տօնը։ Անիկա ցնծութեան առիթ է թէ՚ մեծերուն, եւ թէ փոքրերուն։
Սուրբ Զատիկը իր հետ կը բերէ յատուկ աւանդութիւններ, ինչպէս հաւկիթ ներկելը եւ հաւկթախաղը։
Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը հաւկթախաղով նշեց Սուրբ Զատիկը՝ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, մէկտեղուած ՀՄԸՄ_ի պարտէզէն ներս։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա ընթերցուեցան Մատթէոսի 16:2 1_17:23 Աւետարանէն համարներ, տեղի ունեցան դաշտային խաղեր ու նախաճաշ՝ հրամցուած բարերարի մը կողմէ։ Կիրակնօրեայի աշակերտութիւնը վայելեց Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Լեւոն Վրդ Եղիայեանի օրհնաբեր այցելութիւնը։
Հայր Լեւոն յորդորեց Կիրակնօրեայի աշակերտութիւնը ըմբռնել Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը եւ ըսաւ. «եկէք այսօր հաւթախաղ խաղանք, կոտրելով նաեւ մեր վատ սովորութիւններն ու մեր մէջ յարուցանենք բարի մարդը» Ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր ներկուած հաւկիթով փորձեց օրուան ախոյեանը հանդիսանալ։
Ետքը բաժնուեցան ուսուցչաց կազմին կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ նուէրներ։ Զատկական ուրախ մթնոլորտը թափանցեց Կիրակնօրեայի մանուկներու սրտերուն մէջ։
Անոնք հաստատեցին, որ մեր Տիրոջ սէրն ու զոհողութիւնը մարդկութեան հանդէպ շատ աւելի մեծ են քան ներկայ դժուարութիւնները, ապա ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։