Ը.
ՀՄԸՄ-ի պատմական նուաճումներուն փառաւոր երթը շարունակուեցաւ։
Դեկտեմբեր 1964-ին, Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց իրաւարարներու օժանդակութեամբ, 3-1արդիւնքով, Կիպրոսի ախոյեան «Աբոյէլ» խումբին դէմ: Երկու օր ետք, Կիրակի, հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պատահեցաւ անսպասելին, երբ ՀՄԸՄ-ի խումբը ջախջախիչ արդիւնքով՝ 10-2, յաջողեցաւ պարտութեան մատնել նոյնինքն ախոյեան Կիպրոսի խումբը՝ պատմական նուաճում մը արձանագրելով:
ՀՄԸՄ-ի աննման եղբայրներուս հետ դաշտ ներկայացանք վճռակամ, ինքնավստահ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին շքեղ այս երթը շարունակենք եւ խումբին ներկայութիւնը հաստատենք նաեւ միջազգային բեմի վրայ:
Երեք գիծերու՝ յետսապահ, միջնապահ եւ յառաջապահ, ներդաշնակ, մնայուն կապը, շղթայազերծուած վտանգաւոր յարձակումները, արագ, ճշգրիտ փոխանցումները գլխու պտոյտ պատճառեցին մրցակիցին։ Ան անձնատուր ըլլալու նշաններ ցոյց տուաւ, երբ մանաւանդ Բ. կիսախաղի 20-րդ վայրկեանին, Ա. կիսախաղի 3-2 արդիւնքը յաջողեցանք 7-2-ի բարձրացնել:
Միջնապահ ու յառաջապահ գիծերու եղբայրներուս հետ, տեղատարափ հրթիռներ արձակեցինք հակառակորդի բերդին ուղղութեամբ, մրցումին վերջնական արդիւնքը հասցնելով 10-2-ի:
Անհաւատալի էր, բայց իրաւ:
Դաշտին վրայ գտնուողները, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն կողքին, իրենց քաջալերանքով, բացագանչութիւններով եւ խանդավառ երգերով մեծապէս նպաստեցին այս շքեղ երթի յաջողութեան եւ ձեռք բերուած անմոռանալի արդիւնքին իրականացման:
Այս պատուաբեր մրցումին կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ Ճորճիկ Ռաստկելէնեան (3) կոլ, Անդրանիկ Մալեան (3) կոլ, Գօգօ Քիլէճեան(2) կոլ եւ Սամիր Ֆաքըս (2) կոլ:
Բոլորիս ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր: Չհաւատացինք պատահածին, որովհետեւ Կիպրոսի խումբը արհեստավարժ խումբ մըն էր, մարզիչը եւ չորս խաղացողներ անգլիացիներ էին, իսկ բանակին դէմ անոր կատարած մրցումը չափազանց տպաւորիչ ու հմայիչ էր:
Մրցումի աւարտին, հրաւիրեալ խումբի պատասխանատուներն ու մարզիկները մօտեցան մեզի եւ իրենց բարձր գնահատանքի խօսքերը արտայայտելով շնորհաւորեցին այս յաղթանակը, ապա հրաժեշտ տուինք իրարու՝ վերստին իրար հանդիպելու յոյսով։
Հալէպի «Hotel Baron»-ին մէջ, ընդառաջելով բանակի խումբի պատասխանատուներուն ընթրիքի հրաւէրին, հանդիպեցանք:
Ընթրիքին ընթացքին կրկին լսեցինք գնահատական խօսքեր, որոնք եկան մեր ուսերուն վրայ դրուած ծանր պատասխանատուութիւնը եւ պարտականութիւնը շեշտելու, որպէսզի յաջողինք առաւել վճռակամութեամբ շարունակել մեր սրբազան երթը, միշտ հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄ-ի վեհ ու ազնիւ սկզբունքներուն եւ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»-ի խոր իմաստին:
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին:
Բիւր սէր, յարգանք եւ երախտագիտութիւն խումբի մարզիչին, խաղընկերներուս եւ համայն ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին:
Ճորճիկ Ռաստկելէնեան