Գարնան սեմին ենք:
Գարունը այն եղանակն է, որ կը մղէ իւրաքանչիւր անձ խորհելու բնութեան հրաշալիքներուն եւ գեղեցկութիւններուն մասին:
Գարնան ծաղիկները հիանալի միջոց կը հանդիսանան՝ մոռնալու ձմրան տխուր օրերը եւ խանդավառութեամբ լեցնելու մեր կեանքը: Բնութեան սքանչելի արարածները ոչ միայն կրնան գեղեցկացնել մեր բնակարանները, այլեւ կը բարելաւեն մեր տրամադրութիւնը:
Երբեմն ծաղիկները պարզապէս ծաղիկներ չեն, այլ աւելին… Անոնք լռութեամբ կը յայտնեն գաղտնիքներ, կը դառնան սիրահարներու «խօսնակ»-ներ, շնորհակալութիւն կամ ներողութիւն յայտնելու ազդու միջոցներ:
Աշխարհի տարածքին կան տասնեակ ծաղիկներ, որոնք կանանց անուններ են նաեւ, ինչպէս՝
1-Վարդ (Վարդի, Վարդենի) Rose- Իգական սեռի ամէնէն տարածուն ծաղիկի անունը վարդն է): Կ’ըսուի, թէ ան սիրոյ եւ գեղեցկութեան յոյն աստուածուհի՝ Աֆրոտիթի ծաղիկն էր:
Այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի վարդի 300 տեսակ եւ մօտ 3000 ենթատեսակ: Աշխարհի ամենածեր վարդի թուփը կ’աճի Գերմանիա (1000 տարեկան է), որ կը գտնուի Հիլդեսհայմերի տաճարի պատին մօտ:
Ճաբոնցիք ունին վարդի իւրայատուկ տեսակ ՝ քամելեոն, որուն թերթիկները առաւօտեան կարմիր
են, իսկ երեկոյեան սպիտակ երանգ կ’ունենան: Յայտնի է նաեւ փոքր «Սի» վարդը, որուն թերթիկները բրինձի չափ են:
են, իսկ երեկոյեան սպիտակ երանգ կ’ունենան: Յայտնի է նաեւ փոքր «Սի» վարդը, որուն թերթիկները բրինձի չափ են:Վարդի իւղը կը գտնուի կանացի գրեթէ բոլոր անուշահոտներու բաղադրութեան մէջ: Անգլիոյ մէջ, սիրոյ խոստովանութեան համար աւանդաբար կը նուիրեն երկու դեղին վարդ:
2- Շուշան lily- Շատ սիրելի ու տարածուած անուն է Շուշանը: «li-li » թարգմանաբար կը նշանակէ սպիտակ-սպիտակ։ Այս իսկ պատճառով ան կը համարո
ւի մաքրութեան եւ անմեղութեան խորհրդանիշ: Կան մօտ 90 շուշանի տեսակներ, որոնք կը տարբերին իրենց ձեւով եւ գոյնով:
Սիւնիքի մարզին մէջ, իսկ Լոռիի եւ Տաւուշի մէջ մանուշակները մեծ եւ մանիշակագոյն են: Ծանօթ են մանուշակի մօտ 500 տեսակներ: Մանուշակէն կը պատրաստուին քսուկներ, որոնք կը գործածուին մաշկային հիւանդութիւններն ապաքինելու համար:
4- Յասմիկ (Նազվարդ) Jasmine Սպիտակ,- Շատ գեղեցիկ ծաղիկ է, որուն բոյրը շատ մեղմ եւ հաճելի է:
Բուժական նպատակով կ’օգտագործուին բոյսի բոլոր մասերը։ Տերեւները որպէս տաք թրջոցներ կը դրուին մաշկի վէրքերուն վրայ: Արմատները հում վիճակով կը գործածուին գլխացաւի եւ անքնութեան պարագաներուն: Յասմիկի իւղը բուժիչ դեր ունի մկանային ցաւերու պարագային, իսկ ծաղիկը կը գործածեն թէյի եւ կանանց անուշահոտեր պատրաստելու համար
Բուժական նպատակով կ’օգտագործուին բոյսի բոլոր մասերը։ Տերեւները որպէս տաք թրջոցներ կը դրուին մաշկի վէրքերուն վրայ: Արմատները հում վիճակով կը գործածուին գլխացաւի եւ անքնութեան պարագաներուն: Յասմիկի իւղը բուժիչ դեր ունի մկանային ցաւերու պարագային, իսկ ծաղիկը կը գործածեն թէյի եւ կանանց անուշահոտեր պատրաստելու համար5-Մարգարիտ- Այս ծաղիկին անունը լատիներէնէ թարգմանուած է։ Անոր բազմաթիւ, փոքրիկ, սպիտակ եւ վարդագոյն ծաղիկները կը նմանին մարգարիտներու, որոնք ցրուած են խոտերու վրայ: Ապրիլ ամ
սուն, Անգլիոյ փողոցները կը զարդարուին սպիտակ եւ վարդագոյն մարգարիտի փունջերով: 19-րդ դարուն, Ֆրանսայի մէջ Ծաղկազարդը նուիրուած էր այս ծաղիկին: Մարգարիտներով կը զարդարէին իրենց տուները, լապտերներն ու պատուհանները:
սուն, Անգլիոյ փողոցները կը զարդարուին սպիտակ եւ վարդագոյն մարգարիտի փունջերով: 19-րդ դարուն, Ֆրանսայի մէջ Ծաղկազարդը նուիրուած էր այս ծաղիկին: Մարգարիտներով կը զարդարէին իրենց տուները, լապտերներն ու պատուհանները:Գարնանամուտի սեմին, Ուսուցչաց եւ Մայրերու զոյգ տօներուն առիթներով ջերմապէս կը շնորհաւորեմ բոլորիդ տօնը: Մնացէ՛ք միշտ ծաղիկներու նման՝ գեղեցիկ եւ բուրումնաւէտ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան
