Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի Նորվեկիոյ եկեղեցական նպաստից կազմակերպութեան քարտուղար Տակվըն Հոպրաթինի հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ մէջ կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ։ Ճաաֆարի շեշտեց, որ կազմակերպութիւնը կարեւոր դեր ունի տնտեսական պատժամիջոցներուն լոյսին տակ սուրիացի քաղաքացիին տառապանքը մեղմացնելու գծով, յատկապէս, որ ան ականատես դարձաւ եւ ուղղակի շօշափեց ժողովուրդին անմխիթար վիճակը։ Ճաաֆարի կարեւոր նկատեց Կազմակերպութեան եւ Ջրային Պաշարներու Նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման պայմանագրի ստորագրումը՝ Սուրիոյ մէջ նման հարցերու վերաբերող ծրագիրներ վերաշխուժացնելու համար։ Ճաաֆարի կազմակերպութեան ներկայացուցիչին առաջարկեց գործակցիլ Սուրիական «Ամանա» բարգաւաճման կազմակերպութեան հետ,- որ իր կարգին ազգային դերակատրութիւն ունեցող գործակից կը համարուի,- 2022-ի ծրագրուած աշխատանքները միասնաբար իրականացնելու համար։ Իր կարգին քարտուղարը ներկայացուց Սուրիոյ մէջ իրականացուցած եւ իրականացնելիք ծրագիրները ջուրի մատակարարման եւ այլ ոլորտներու մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ՝ կազմակերպութեան աշխատանքներուն տրամադրած արտօնութեան համար։ Ան շեշտեց, որ տնտեսական պատժամիջոցները բացասական ազդեցութիւն ունին Սուրիոյ ժողովուրդին առօրեային վրայ, յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը իր կարելին ի գործ պիտի դնէ ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու համար։