Տարիներ առաջ «Գանձասար»-ի մէջ մնայուն սիւնակ մը ունէի «Պրիսմակէս» խորագրով, ուր կը գրէի մեր գաղութը մտահոգող օրուան ընկերային թէժ հարցերուն մասին:
Պատահեցաւ, որ հիւանդացայ եւ տուեալ շաբթուան յօդուածը չղրկեցի: Կը սպասէի, որ մէկը հարցնէր այդ շաբթուան բացակայութեանս պատճառը, որովհետեւ ի վերջոյ երբ յանձնառու կերպով ամէն շաբաթ սիւնակ մը կը լեցնես ու յանկարծ այդ սիւնակը պարապ կը մնայ, կրնայ հարց յառաջանալ թերթին համար:
Ոչ ոք հարցուց, թէ ինչո՛ւ չէի գրած, կամ թերեւս կրնայի՞ վերջին պահուն գրութիւնս հասցնել:
Շատ զարմացեր էի: Յաջորդ շաբաթ դիտումնաւոր կերպով յօդուած չղրկեցի: Լռութիւնը շարունակուեցաւ եւ սիւնակս այդպէս պարզօրէն … դադրեցաւ:
Արդէն գրեթէ տասնամեակ մը թէ աւելի է, որ մեր՝ Միջին Արեւելեան Սփիւռքի լրագրութիւնը որոշ չափով դարձեր է մասնագիտական (ասով պէտք է հասկնալ թղթակցութեան եւ աշխատակցութեան համար վճարումներ ստանալը). նախապէս այդպէս չէր անշուշտ եւ թղթակից-աշխատակիցները ընդհանրապէս կ’աշխատէին սիրայօժար կերպով: Բայց որովհետեւ կեանքի ամէնէն պարզ բաներէն մէկը գնահատանքն է, հետեւաբար սիրայօժար կերպով եղած աշխատանքն իսկ պէտք է գնահատել խօսքով, գնահատանքի տարբեր ձեւերով, կամ նուազագոյնը հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով, ըսենք՝ բացակայութեան մը պարագային:
«Գանձասար»-ը է եւ կը մնայ ծննդավայրիս միակ թերթը, գաղութիս սիրուած օրկանը, որուն կողմէ եկած աշխատակցութեան առաջարկը կարելի չէ մերժել: Կը վերադառնամ թերթին, խոստանալով աշխատակցիլ եւ կարելիս ու լաւագոյնս ընել:
* * *
Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր բոլոր ժողովուրդները մէկ գլխաւոր նիւթ ունին իրենց առօրեան սպառող՝ թագաժահրը եւ անոր պատուաստները:
-Պատուաստուեցա՞ր,- կը հարցնեն իրարու երբ հանդիպին:
-Անշո՜ւշտ, երրորդն ալ առի, դո՞ւն:
Եւ անշուշտ կը գայթակղին, երբ իմանան որ դուն տակաւին առաջինն իսկ ստացած չես:
-Բայց ինչո՞ւ,- հարց կու տան,- չէ՜, կարեւոր է, գոնէ եթէ վարակուիս, ծանր չ’ըլլար վիճակդ:
Երրորդը առնողները, որոնց միտքը շատ հանգիստ էր, սկսան շատ անհանգիստ զգալ, երբ շշուկներ սկսան տարածուիլ, թէ չորրորդ պատուաստ մըն ալ կայ եղեր:
Եւ անշուշտ անխուսափելի կը դառնայ մտածումը՝ բայց ինչո՞ւ կը զբաղեցնեն ժողովուրդները այս պատուաստ-հեքիաթով, ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ արդեօք:
Որովհետեւ արդէն սորված ենք, որ երբ ջուրն ու հոսանքը սկսին յաճախ անջատուիլ, երբ պարէնը պակսի կամ երբ արտահերթ պայմաններ ստեղծուին, նպատակը ո՛չ թէ խնայողութիւնն է, այլ՝ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելը:
Այս բոլորին մէջ ամէնէն ահաւորը այն է, որ մամուլը եւ զանգուածային լրատուական միջոցները, որոնք ժամանակին իրապէ՛ս վստահելի աղբիւրներ էին բոլոր տեսակի լուրերուն համար, դարձած են ժողովուրդը շլմորեցնող շփոթութեան աղբիւրներ, այլ խօսքով՝ այսօր ո՛չ մէկ վստահութիւն ունինք այդ աղբիւրներէն բխած լուրերուն վրայ:
Բարեբախտաբար սակայն Սփիւռքի հայ մամուլը կը շարունակէ մնալ վստահութիւն ներշնչող, որովհետեւ ընթերցողը մէկ կողմէ գիտէ՛ մամուլի իւրաքանչիւր օրկանին պատկանելիութիւնը, գիտէ որ այդ օրկանը խօսափող մըն է, ինչպէս նաեւ քաջ գիտէ, որ իւրաքանչիւր հեղինակ ազատ է իր կարծիքը արտայայտելու: Հետեւաբար ըստ այդ կը դատէ:
Այս ալ կարեւոր ազդակ մըն է՝ դատել ընթերցուածն ու լսուածը եւ զոհ չերթալ ընդհանուր հոսանքի մը, մանաւանդ՝ «դուրսերէն» եկող հոսանքներուն, որոնց նպատակները շատ պղտոր են թէեւ, սակայն միաժամանակ՝ շատ յստակ:
Սփիւռքի մեր մամուլը լրատուական միջոց ըլլալէ աւելի է՛ մշակութային օրկան մը, մեր լեզուն կենդանի պահող միջոցը (հակառակ կարգ մը լեզուագէտներու դժգոհանքին թերթերուն մէջ օգտագործուած լեզուէն), մեր արուեստի եւ գրականութեան գանձերը մեզի յիշեցնող կենդանի աղբիւրը: Ասոր համար պէ՛տք է շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր թերթերու խմբագիրներուն, որոնք իրենց կարելին կ’ընեն թերթը հաճելի դարձնելու համար մեզի:
Գահիրէ, 2022
Մարուշ Երամեան