“Արմէնփրէս”._ Արմէն Սարգսեան 23 Յունուարին հրաժարական ներկայացուց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն: Սահմանադրութեան 5-րդ գլուխը կը նախատեսէ նման պարագաներու ՀՀ նախագահի լիազօրութիւններու ժամանակաւոր կատարման եւ նոր նախագահի արտահերթ ընտրութեան կարգը: ՀՀ սահմանադրութեան 2015_ի խմբագրութեան 126-րդ յօդուածի՝ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէն ոչ շուտ, քան 25, եւ ոչ ուշ, քան 35 օր յետոյ կը կատարուի Հանրապետութեան նախագահի արտահերթ ընտրութիւն: Սահմանադրութեան 144-րդ յօդուածին համաձայն՝ մինչեւ նորընտիր նախագահի կողմէն պաշտօնին ստանձնումը Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային Ժողովի նախագահը: Այսպիսով, ըստ Սահմանադրութեան՝ Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան: ՀՀ ԱԺ նախագահի պաշտօնը Ալեն Սիմոնեանին կը փոխարինէ ԱԺ փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեան։ Հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս 123-րդ յօդուածը կը սահմանէ, պետութեան գլուխն է, որ կը հետեւի Սահմանադրութեան պահպանումին: Արմէն Սարգսեան Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած էր Ազգային Ժողովի կողմէն Ապրիլ 2018_ին՝ եօթը տարի ժամկէտով: