Պատմութիւն մը կ’ուզէի ըլլալ,
Անընթեռնելի գիրքի մը վերջին պատմութիւնը խեղճ,
Որուն ամէնէն հաճելի մասը
Վերնագիրն է լոկ…
Պատմութիւն մը կ’ուզէի ըլլալ,
Որ ունի սկիզբ, ունի եւ աւարտ,
սակայն անոր մէջ կեանք մը կայ ամբողջ,
ԵՐԱԶՈՎ լեցուն կեանք մը, անկասկած,
Որ կ’աւարտի եւ կը մոռցուի գիրքի հերոսին արթննալուն պէս…
Վեհան Պարսումեան