Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2021-ի «19» թուակիր սահմանադրական հրամանագիրը, որուն համաձայն կառավարական պաշտօնեաներուն, ներառեալ զինուորական պաշտօնեաներուն, ամսականը 50% տոկոսով պիտի բարձրանայ։ Օրինագիծը կ՚ընդգրկէ նաեւ նուազագոյն ամսականներու բարձրացումը, ոչ միայն կառավարական, այլ նաեւ առանձին եւ միացեալ հատուածներու պաշտօնեաներուն, իսկ նուազագոյն ամսականը պիտի ըլլայ 71. 515 ս.ո. ։ Նախագահ Ասատ 2021-ի 20 թուակիր սահմանադրական հրամանագիրն ալ հրապարակեց, ըստ որուն հանգստեան կոչուած կարավառական պաշտօնեաներուն, ներառեալ զինուորականներուն ամսականը 40% տոկոսով կը բարձրանայ։