Համբերանքը ստորակէտ է
Տոկալը՝ միջակէտ
Յարատեւելը՝ կախման կէտ
Նոր գործը՝ նոր տող:
Կեանքը դպրոց է
Նեղութիւնը՝ դասընթացք
Փորձութիւնը՝ դասատու
Պայքարը՝ դաստիարակ
Օրերը՝ դասացուցակ
Փորձառուն՝ դասընկեր:
Սուգի ատեն ցաւակցիլը սիրոյ արդիւնք է, իսկ մահէն դաս քաղելը՝ իմաստութիւն։
Խօսելէն առաջ լաւ լսելը համբերութեան նշան է, իսկ կշռուած խօսիլը՝ խոհեմութիւն։
Աղօթքի դիմելը հաւատքի մղում է, իսկ յարատեւ աղօթելը՝ հաւատարմութիւն։
Ինքնահաւան ըլլալը աժան գնահատանք է, իսկ ուրիշը գնահատելը՝ վեհութիւն։
Գանգատող հարուստը սնանկացած է, իսկ գոհունակ աղքատը՝ ազնուական։
Աթոռի սիրահարը փառքի մուրացկան է, իսկ սիրով ծառայողը՝ պատուական։
Խօսքը միտքին թարգմանն է, իսկ գործը՝ հաւատքին վկան։
Եսասէրին խրատելը դիակի մը դեղ տալու կը նմանի։
Նախանձին սկիզբը մրցակցութիւն է, իսկ աւարտը՝ թշնամութիւն։
Անկուշտ մարդը նոյնիսկ առատութեան ժամանակ կը կարծէ, թէ սով կը տիրէ։
Յոյսով ապրողը եռանդով կ’ապրի, կամքով կը պայքարի եւ աղօթքով կը զինուի։
Աշխարհին մէջ եղած տագնապները ցոյց կու տան, թէ մարդ արարածը հարցեր լուծելու բարի տրամադրութիւն չունի։
Աշխարհի մէջ դրախտ փնտռելը խաբկանք է եւ ժամանակի կորուստ։
Ամօթի զգացում ունենալը պատիւին արժէքը գիտնալ կը նշանակէ։
Ձրիակերը անամօթին սերտ ընկերն է։
Մեծամիտը գոռոզին դրացին է։
Ինքնահաւանը եսին սիրահարն է։
Նախանձը հպարտութեան երկուորեակն է։
Ագահութիւնը հեթանոսական պաշտամունք է։
Ծուլութիւնը մոլութեան գերդաստանի անդամներէն է։
Դժգոհութիւնը ապերախտութեան նորածին ձագուկն է։
Կեղծաւորութիւնը շողոքորթութեան մտերիմ բարեկամն է։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան