Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին երկիրը ապահովական եւ քաղաքական տագնապներու յորձանուտին մէջ յայտնուած է: Յորձանուտ մը, որ յառաջացաւ առաւելաբար երկրի իշխանութիւններուն անխոհեմ քաղաքականութեան, ինքնագլուխ աշխատանքին, պետական կառոյցներու կազմաքանդումին առաջնորդող քայլերուն եւ ամբոխավարութեամբ ժողովուրդը ամլութեան մատնելու միտումնաւոր ճիգերուն հետեւանքով:
Հայոց պետականութիւնը օր առաջ փրկելու համար կործանումի տանող երեւելի քայլերէն, հարկ է լուսաբանել ժողովուրդը եւ ցոյց տալ անել կացութիւններէ հաւաքաբար դուրս գալու ուղին եւ ոչ թէ զրպարտութիւններու եւ նախկիններու սխալները մատնանշելու կրաւորականութեամբ դատարկաբանութիւն հրամցնել արդէն իսկ յոգնած ժողովուրդին:
«Հայաստան» դաշինքը այս հիմնաւորումներով կը ներկայանայ ընտրութիւններու, նախ պետական կեանքին մէջ ազգային մտածողութեան վերականգնումով եւ այդ մտածողութիւնը ժողովրդային խաւերուն մէջ ընդհանրացնելով:
Երկրի արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար, «Հայաստան» դաշինքը համահայկական ուժերու մէկտեղումով կը ձգտի՝ վերականգնել երկրի արտաքին քաղաքական վարկը, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք աստիճանաբար տեղի կու տայ՝ քաղաքական տարբեր կողմերու ճնշումներուն դիմաց պետական ամրակուռ կառոյցներու եւ համազգային ուժերու մէկտեղումով ամրացած ներքին թէ արտաքին արդիւնաւէտ քաղաքականութեան չգոյութեան հետեւանքով:
«Հայաստան» դաշինքը յստակօրէն կþուրուագծէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, Հայաստանի ազգային շահերէն բխող արեւելումի հաւասարակշռութիւնը, Հայաստանի, որպէս տարանցիկ երկիր, դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութեան քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտական յստակ կապերը, որոնց անյըստակութիւնը նման քաոսի առաջնորդած էր մեր երկիրը վերջին երկու տարիներուն, տարածաշրջանին մէջ սրընթացօրէն զարգացող ուժերու վերադասաւորման ընթացքին անորոշ կեցուածքներու եւ դիւանագիտական թերի կապերու արդիւնքով:
Երկիրը կը գտնուի պատերազմի վտանգին դիմաց, որուն դէմ դնելու գլխաւոր երաշխիքը այսօր ո՛չ անիրականանալի խոստումներն են, ոչ ալ ամբոխավարական տրամադրութիւնները:
Այս վտանգին դէմ կարելի է դնել պետութեան ամրապնդումով, հասարակութեան վերաշխուժացումով եւ բանակի հզօրացումով:
Անպատասխանատու որեւէ քայլ, որ կը քայքայէ պետութիւնը, բանակն ու հասարակութիւնը վերջնական անկումի պիտի առաջնորդէ Հայաստանը:
«Հայաստան» դաշինքը այս մտահոգութենէն մղուած կը ներկայացնէ յստակ եւ իրականանալի ծրագիր՝ ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական փլաթֆորմ, որ կեանքի կրնայ կոչուիլ համազգային ուժերու գերլարումով, ներքին բաժանարար գիծերու վերացումով եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով:
Այս դաշինքը կը մէկտեղէ այնպիսի ուժեր, որոնք ունին ղեկավարութեան եւ արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան փորձառութիւն, համահայկական համերաշխութեան եւ գործակցութեան կայուն ենթահող:
Հայրենիքը փրկելու կոչուած այս փլաթֆորմի գործնականացումը կը կարօտի ազգը որպէս մէկ ուժ, մէկ բռունցք բազմաոլորտ ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու մարտավարութեան նաեւ: Մարտավարութիւն մը, որ իրատես հայեացքով կը նայի հայրենիք-սփիւռք գոյառումներու հաւասարապէս զարգացման եւ գործակցութեան, առանց դերի եւ արժէքի սահմանազատումներ կատարելու:
Կը հաւատանք, որ խորհրդարանական արտահերթ այս ընտրութիւններուն, հայրենի ժողովուրդը կը ներկայանայ՝ ընտրելու ծրագիրը եւ ոչ թէ անհատը, ընտրելու պետական մտածողութեամբ եւ փորձառութեամբ օժտուած ո՛ւժ, ուժեր, ոչ թէ ամբոխավար կամ կաշառատու:
Հայրենիքը փրկելու պատասխանատու քայլ է այս ընտրութիւնը: