Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շաբաթ, 5 Յունիսին Երեւանի մէջ հանդիպած են Քանաքեռ-Զէյթուն եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քաղաքացիներու հետ:

«Իմ նախորդ երկու ընտրարշաւներուն ընթացքին մարդոց այսպիսի հակազդեցութիւնը, ներուժը, միեւնոյն ժամանակ նման խոր մտահոգութիւնը չէի տեսած», ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան աւելցնելով, որ հանդիպումներու տարբերութիւնը այն է, որ նախորդին եղած են ուղղակի նախագահական ընտրութիւններ, ոչ թէ երկրի գոյութիւնը պահել-չպահելու հարց:

«Ես դուրս կու գամ հանդիպումներէն շատ մեծ լիցքեր ստացած, ես յոյսով լեցուած եմ եւ կը փորձեմ նման կարգի լաւատեսութիւն ապագայի նկատմամբ հաղորդել ձեզի: Մեր խումբը կ՛աշխատի այդ լաւատեսութիւնը ըստ կարելւոյն տարածել, որ մարդիկ հասկնան, թէ ո՛վ ի վիճակի է երկիրը այս իրավիճակէն դուրս հանելու», ըսած է Ռ. Քոչարեան:

«Մեր նպատակը մարդոց նոր յոյս հաղորդելն է, եւ մենք կը հրաւիրենք ձեզ դիտելու իրավիճակը այս անկիւնէն, եւ լաւատեսութեան ուղղուած կարգախօսով կը փորձենք ուղղորդել մեր ընտրողները դէպի ընտրատեղամասեր», ընդգծած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին ընդգծած է. «Այս հողատուի աշխատելաոճին մէջ ոչինչ փոխուած է. նոյն զազրախօսութիւնն ու նոյն սուտերը կը տարածէ: Զաւեշտը այն է, որ այս մարդիկ այդպէս ալ իշխանութիւն չդարձան: Չկայ իշխանութիւն, որուն հետ ընդդիմութիւնը դասական պայքարի մէջ մտնէ: Թող նային գիւղացիներու աչքերուն ու հաշուետուութիւն ներկայացնեն, թէ ի՞նչ ըրած են»: