“Ապառաժ”._25 Մայիսին իր անդրանիկ նիստը գումարեց «Արցախի Երիտասարդական Խորհուրդը»: «Արցախի Երիտասարդական Խորհուրդ»-ը ձեւաւորուած է «Արցախի Երիտասարդական Համաժողով»-ի հետեւանքով, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան կողմէ սոյն թուականի 9 Մայիսին: Խորհուրդին անդամակցող Արցախի մէջ գործող 34 ՀԿ-ներ, երիտասարդական միութիւններ ու կրթական հաստատութիւններու ուսանողական խորհուրդներ կեանքի կոչեցին խորհուրդի գործադիր կոմիտէն՝ բաղկացած եօթ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, որ պէտք է հետամուտ ըլլայ խորհուրդի որոշումներու կատարման։ Խորհուրդի անդրանիկ նիստին օրակարգային հարց դարձաւ Հայաստանի եյ Ատրպէյճանի սահմաններու մասին վերջերս յայտնի դարձած գաղտնի փաստաթուղթն ու անոր մէջ պարունակուող այն սպառնալիքները, որոնք կը վտանգեն ՀՀ եւ ԱՀ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնը: Հարցին շուրջ քննարկումներու հետեւանքով խորհուրդը որոշում հաստատեց. «Յանձնարարել խորհուրդի գործադիր կոմիտէն՝ դիմելու ԱՀ իշխանութիւններուն եւ պատասխանատու պաշտօնեաներուն՝ վերոնշեալ փաստաթուղթի մասին իրենց դիրքորոշումը հրապարակաւ յայտնելու»: Մասնակիցները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին առ այն, որ մինչ օրս ԱՀ իշխանութիւնները այս հարցին շուրջ որեւէ պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չեն եկած, որ ուղղակի վտանգի տակ կը դնէ Արցախի Հանրապետութռան ապագան ու ճակատագիրը: