“Երկիր Մետիա”._12 Մայիսէն սկսեալ ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներթափանցած ատրպէյճանական զօրամիաւորումները կը շարունակեն սադրիչ գործողութիւններ իրականացնել շարք մը ուղղութիւններով: Անոնցմէ մէկուն հետեւանքով 27 Մայիսի վաղ առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին, ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին երկրաչափական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին, ատրպէյճանական զինեալ ուժերու զինծառայողներու կողմէն շրջափակուած եւ գերեվարուած է ՀՀ ԶՈՒ վեց զինծառայող։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ ԱԳՆ-ն: «Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմից իրականացւող այս սադրիչ գործողութիւնները նպատակ ունեն առաւել լարել իրավիճակը, ինչը կարող է լրջօրէն վտանգել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը: Խստօրէն դատապարտում ենք Ատրպէյճանի կողմից ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուժի կիրառումը եւ ընդգծում, որ ատրպէյճանական զինուժի բոլոր գործողութիւնների եւ դրանց հետեւանքների պատասխանատուութիւնը կրում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Գերեվարուած հայ զինծառայողները պէտք է անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձուեն»: