Month: August 2023

ՊԱԱՍ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱԼԷՊ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Պաաս Կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի քարտուղար Ահմէտ Մանսուր ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Մինասեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիան պիտի շրջանցէ…

ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ ՀՈՒՍԷՅՆ ՏԻԱՊ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Մինասեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Նահանգապետը ներկայացուց պատերազմի երկար տարիներէն եւ երկրաշարժի դժուար շրջանէն…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ST. NERSES THE GRACIOUS AND CHURCH UNITY (Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ) ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախութեամբ կը ծանուցենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին St. Nerses The Gracious and Church Unity (Ս. Ներսէս Շնորհալի Եւ Եկեղեցւոյ Միութիւնը) խորագիրը կրող աշխատասիրութեան վերահրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Անթիլիասի Մայրավանքի…

ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՈՒՆԻՆՔ ՄԷԿ ՃԱՆԱՊԱՐՀ, ՈՐ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»

Արցախէն ներս որոշակի հարցերու շուրջ տեսակէտներու տարբերութիւն կայ, բայց կայ նաև այդ դիրքորոշումները մերձեցնելու փափաք։ Այս մասին 30 Օգոստոսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի…

ՀԱԼԷՊԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ԲԱՆԻԼ ՍԿՍԱՒ

Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան թշնամական յարձակումին հետեւանքով Հալէպի Միջազգային օդակայանին վնասուած բաժինները օդակայանի համապատասխան խումբերուն կողմէ նորոգուեցան։ Օդակայանը Երեքշաբթի, 29 Օգոստոսի երեկոյեան վերստին բանիլ սկսաւ։

ԴԱՒԻԹ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ. «ԱՐՑԱԽՑԻ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ԱԿՆԱ (ԱՂՏԱՄ) – ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ»

Ստեփանակերտ Մերժեց Ընդունիլ Աղտամ-Ստեփանակերտ Ճամբով Պաքուի Ուղարկելիք 40 Թոն Ալիւրը: Դաւիթ Ղահրամանեան կը գրէ. «Այս պահուն հարիւրաւոր մեր հայրենակիցներու հետ կը գտնուինք Ակնա (Աղտամ)-Ստեփանակերտ ճանապարհին։ Ատրպէյճանի կեղծ «մարդասիրական բեռը» պիտի…

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄՏԱՀՈԳ Է ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԱՐՑԱԽԻ ԳԾՈՎ» — ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2023-ին, աւելի քան ժամ մը, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) դեսպան Տորոթի Շիային հետ: Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն…

ՄԵՆԵՆՏԵՍ ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷՆ ԱՐՑԱԽՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ ՈՐԱԿԱԾ Է ԶԱԶՐԵԼԻ ԱՐԱՐՔ

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես անդրադարձած է Լաչինի միջանցքին տեղակայուած անօրինական անցակէտին մէջ Ատրպէյճանի կողմէն արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգումին։ Ծերակուտականը յանձնաժողովի X (նախապէս՝ Twitter) մետիայի էջին…

ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՐԱԾԱԾ Է ԱՐՑԱԽԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող անձերու առեւանգումին մասին: Յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ. «Այսօր՝ 28 Օգոստոսին, Լաչինի միջանցքին մէջ տեղադրուած ապօրինի անցակէտին վրայ, Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու…

ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԱԼԷՊԻ Ս․ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Պատրիարքը Հալէպ կատարած հովուապետական իր այցելութեան երրորդ օրը՝ Կիրակի, 27 Օգոստոսին, Հալէպի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հանդիսաւոր…