ՍԱՆԱ.- Հասիչէի հիւսիսային շրջաններէն, Ռասուլ Էյնի մօտակայ Մշրըֆէթ Ռըմմօ աւանին մէջ, ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով ինկած են բազմաթիւ մեռեալներ, շրջանը գրաւող թրքական ուժերէն։ ՍԱՆԱ այս մասին տեղեկացած է տեղական իր աղբիւրներէն, աւելցնելով, որ գործողութեան արդիւնքով թրքական ուժերէն արձանագրուած են երեք մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։
Շրջանի գրաւեալ գիւղերը յաճախ կ’ենթարկուին ականուած ինքնաշարժներու եւ մեքենաներու պայթումներու, շրջանին մէջ գտնուող զանազան ուժերու ներքին տարակարծութիւններուն պատճառով, միւս կողմէն կը շարունակուին տեղացիներուն դէմ բռնարարքները։