«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի վերջին  արտայայտութեան:

Էրտողան, խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին, յայտնած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրէ աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի չտան որեւէ գործողութիւն իրականացնել:

Փայլան, ի պատասխան Էրտողանի այս յայտարարութեան, գրառում կատարած է դիմատետրի  իր էջին վրայ.

«Էրտողան երէկ երեկոյեան իր ատելութեամբ լեցուն ելոյթի ընթացքին դարձեալ օգտագործեց «սուրէ աւելցուկ» արտայայտութիւնը:

Այդ արտայայտութիւնը կ’օգտագործուի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերը բնորոշելու համար, ինչպիսին օրինակ իմ տատիկս է: Ամէն անգամ այս արտայայտութիւնը լսելուս մեր վէրքերէն դարձեալ արիւն կու գայ: Շատ անգութ արտայայտութիւն է»: