«Ապառաժ».- 8 Մարտին շարունակուած են Դաշնակցութեան թեկնածուներուն նախընտրական հանդիպումները Նոր Շահումեանի շրջանի գիւղական համայնքերէն ներս: ԱՀ նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ, ԱԺ պատգամաւորի թեկնածու Արթուր Մոսիյեան, Դաշնակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Լեռնիկ Յովհաննիսեան` Նոր Շահումեանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանին ընկերակցութեամբ այցելած են Քարվաճառի մէջ կառուցուող «Սիտնէյ» թաղամաս, ուր ԱՌԻ ծրագիրով ու աւստրալահայերու տրամադրած միջոցներով, ընթացքի մէջ են 15 առանձնատուներու շինարարական աշխատանքերը:
Այնուհետեւ արձագանքելով եւ ընդառաջելով Նոր Մանաշիդի գիւղական համայնքի բնակիչներու հրաւէրին, հոն արտահերթ հանդիպում տուած է Դաշնակցութեան համամասնական ընտրացուցակով ԱԺ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած Արթուր Մոսիեան, որ ծանօթացած է անոնց յուզող հարցերուն եւ ներկայացուցած այն լուծումները, որոնք նախատեսուած են Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրով:
Դաշնակցութեան թեկնածուները բոլոր հանդիպումները սկսած են 8 Մարտի կիներու միջազգային օրեւան առթիւ գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչներիու ուղղուա շնորհաւորանքներով:
Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ, Դաշնակցութեան թեկնածուները հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Եղէգնուտ, Քնարաւան, Զուար, Նոր Էրքէջ եւ Չարեքտար համայնքերուն հետ:
Զուարի գիւղական համայնքի ընրողներիշուն հետ հանդիպումէն ետք, Դ. Իշխանեան, Ա. Մոսիեան եւ Լ. Յովհաննիսեանն այցելած են նաեւ գիւղի մէջ գործող` «Մուշ» պատկերասրահ-թանգարանը, ուր ծանօթացած են աւելի քան 200 գեղանկարներու բացառիկ ցուցանմուշներուն, ապա տնօրէնին հետ քննարկած են շէնքի կառուցային անհամապատասխան պայմաններու լուծման կարելիութիւնները: