«Ապառաժ».-24 Փետրուարին Երեւանի մէջ սկիզբ առած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը 25 Փետրուարին իր աշխատանքները շարունակեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 25 երկիրներու 50 ներկայացուցիչներ:
Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի Արցախեան բաժինի բացման արարողութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտօնատար այլ անձեր, Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէրխաչատուրեան:
Իր խօսքով Յակոբ Տէր-խաչատուրեան յայտնեց, որ Հայ Դատի բանակի ներկայացուցիչները Արցախ այցելած են վերահաստատելու, որ անխոնջ կերպով պիտի աշխատին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնայ հզօր, անվտանգ եւ շարունակաբար զարգացող: «մեր սերունդի մեծագոյն իրագործումներէն է Արցախի ազատագրումը Ատրպէյճանի ջարդարար ճիրաններէն եւ անհրաժեշտ է, որ աշխատինք արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրումը չմսխել դիւանագիտական սեղաններուն շուրջ», յայտեց Յակոբ Տէրխաչատուրեան:
ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքով դիտել տուաւ, որ Հայ Դատը այն համահայկական կառոյցն է, որ տասնամեակներ շարունակ յամառ պայքար կը մղէ մեր համազգային հարցերու լուծման համար` յատուկ ուշադրութեան տակ պահելով Արցախը:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ խորհրդանշական համարեց խորհրդաժողովի կատարումը Արցախի մէջ:
«Աշխարհով մէկ սփռուած Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու նուիրեալները բոլորէն աւելի լաւ գիտեն, որ Արցախէն պիտի անցնի հայու լինելութեան մայր ճանապարհը, որ պէտք է հեռու պահել օտարածին թափանցումներէ ու քաղաքական խարդաւանքներէ: Այդ ճանապարհը բոլորիս պատուի ուղին է ու յստակ սահմանումը, որ ապացուցելի ու վիճելի չէ», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:
Աւելցնենք, որ խորհրդաժողովի աշխատանքները վաղուընէ սկսեալ պիտի շարունակուին Երեւանի մէջ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ 28 Փետրուար: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը երկրորդ անգամն է որ տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ: Առաջինը տեղի ունեցած է 2016-ին: