Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը իր 6000-րդ պարեկութիւնը (պահակութիւնը) իրականացուցած է հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմանին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, այս մասին առաքելութիւնը տեղեկացուցած է X-ի միքրոպլոկին վրայ կատարուած իր գրառումին մէջ։
«Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հասած է նշանակալի փուլի՝ աւարտելով իր 6000-րդ պարեկային ծառայութիւնը։ Այս նուաճումը կ’արտացոլէ մեր շարունակական եւ անսասան յանձնառութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նկատմամբ։ Մենք կը շարունակենք վճռականօրէն յանձնառու մնալ Հայաստանի տեղական համայնքներուն հետ գործակցութեան», ըսուած է առաքելութեան գրառումին մէջ։