Category: Սուրիական

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՅ ՄԱԱՐԷԹ ՆՈՀՄԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Իտլոպի հարաւային արուարձանի Մաարէթ Նոհման գիւղին մէջ կայք հաստատած “Ճապհաթ ալ Նուսրա” ահաբեկչական խմբաւորման եւ անոր ենթակայ ահաբեկիչներուն դէմ բուռն մարտեր…

ՍՈՒՐԻԱ ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻՆ 6,9 ՌԻԽԹԸՐ ՈՒԺԳՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ ՑՆՑԵՑ ՆԱԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

Այսօր երեկոյեան ժամը 19:55-ին Դամասկոսի Երկաշարժներու ուսումնասիրութեան ազգային կեդրոնին հաղորդած տուեալներով, Թուրքիա Սուրիա սահմանին տեղի ունեցաւ 6,9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որ ցնցեց նաեւ Սուրիոյ ողջ տարածքը։ Երկրաշարժին կեդրոնը եղած է…

ՀՀ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ԵՒ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԱԾ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

«Արմէնփրէս».- ՀՀ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բնակչութեան համար մարդասիրական մէկայլ ծրագիր մը գործի դրուած է, որ կը կրէ «Մի…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ 487 ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ

Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ Հաղորդակցութեան Ընկերութիւնը յայտնեց, որ շուրջ 487 պաշտօնեայի կարիք ունի Սուրիոյ տարբեր նահանգներու իր մասնաճիւղերէն ներս: Դիմողները պարտին ունենալ Հալէպի Պետական Համալսարանի տնտեսագիտութեան, իրաւաբանութեան, երկրաչափութեան, համակարգչային…

ՇԻՀԱՊԻ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻ ՆԵՐՔԻՆ ԱՂԷՏԱԼԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԷ»

Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ արդիւնաբերական գրասենեակներու միութեան նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ֆարէս Շիհապի յայտնեց, որ Սուրիոյ առեւտրական հաստատութիւնը միակ դրական միջամտութեան միջոցն է ներկայիս, սակայն ան ներքին աղէտալի իրավիճակի…

ՇԷՅԽ ՆԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐ ԲԱՆԻԼ ՍԿՍԱՆ

Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական շրջանին մէջ հարիւրաւոր գործարաններ բանիլ սկսած են 2019-էն սկսեալ: Ըստ Շէյխ Նաճճար շրջանի տնօրէն Հազէմ Աճճանի, 2019-ին գործարաններուն թիւը…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՕՏԱՐ ԴՐԱՄԱՆԻՇԵՐՈՎ ՎԱՃԱՌՔ ԿԱՏԱՐՈՂ 11 ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը ձերբակալեց 11 անձեր, որոնք սուրիական թղթոսկիէն բացի, օտար դրամանիշերով վաճառք կը կատարէին սեւ շուկայէն ներս: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ գրաւուած գումարները անմիջապէս Սուրիոյ…

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԵՐԿՈՒ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ

Շաբաթ, 18 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ, բարեփոխելով 2013-ի թիւ 54 հրամանագիրը, հրապարակեց 2020-ի թիւ 3 հրամանագիրը, որուն համաձայն երկրէն ներս կտրականապէս կ’արգիլուի սուրիական թղթոսկիէն բացի, այլ դրամներով…

ԷՐՏՈՂԱՆ ՓՈՒԹԻՆԻՆ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մինչ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել Սուրիոյ տարբեր շրջանները, սուրիական բանակը թիրախ կը դարձնէ անոնց կեդրոնները Հալէպի արեւմտեան բաժինին մէջ եւ կը սաստկացնէ իր զինուորական գործողութիւնները անոնց դէմ՝ Սեպտեմբեր…

ԽԱԼԷՏ ԱՊՊՈՒՏ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ Է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՑԱՒԱԼԻ ՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ին, «Շամ Թայմզ» հրապարակած է Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Խալէտ Ապպուտի խօսքը Սուրիոյ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին շուրջ, որուն մէջ ան դիտել տուած է. «Սուրիոյ ժողովուրդը ներկայիս կ’անցնի տնտեսական…