Category: Սուրիական

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒՈՂ 4 ՆՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող 4 պարագաներ եւս արձանագրուած են։ Աղբիւրը յայտնեց, որ անոնք նախորդ շաբթուընէ արդէն կը գտնուէին Դամասկոսի Տուէր արուարձանի մեկուսացման…

ՀԱՍԻՉԷ ՋՈՒՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ԱԼԼՈՒՔ ԿԱՅԱՆԸ ԲԱՆԻԼ ՍԿՍԱԾ Է

Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէ նահանգի ջուրի ընկերութենէն խմբակ մը մուտք գործեց Հասիչէ ջուր մատակարարող Ռաս ուլ Այնի «Ալլուք» կայան եւ սկսաւ նահանգի ջրամուղ խողովակները բանեցնել, երեք…

ՀՀ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ

Հալէպի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի հետ գործակցութեամբ 20 Մարտին ՀՀ Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը Հալէպի Հայ Ծերանոցին, Դարմանատուն ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններուն…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՐԷՆ ՆԵՐՍ ՄԱՍՆԱԿԻ ՊԱՐԷՏԱՅԻՆ ԺԱՄ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

Պսակաձեւ ժահրի դիմակայման համար կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած նախազգուշական քայլերու շրջագիծէն ներս, ինչպէս նաեւ հանրային առողջութեան և քաղաքացիներուն ապահովութեան մեկնակէտէն ելլելով, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ողջ տարածքին մասնակի…

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ, ՈՐ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒՈՂ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ՉԿԱՆ

Երեքշաբլի, 24 Մարտ 2020-ին Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաստատեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին նախարարութեան պատկանող տարրալուծարաններէն ներս տեղի ունեցաւ պսակաձեւ «քորոնա» ժահրով վարակուող կասկածելի պարագաներու քննութիւններ, որոնց արդիւնքը ցոյց տուաւ,…

ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻ՞Ք, ԹԷ ԼԱՒ ԱՌԻԹ

Երկուշաբթի, 23 Մարտ, 2020-ին, «Ուաթան» հրապարակեց Դամասկոսի «Միտատ» հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութիւնը, ուր պսակաձեւ ժահրը Սուրիոյ համար թէ՛ սպառնալիք, եւ թէ նորոգումի առիթ համարուած էր: Սպառնալիք կը համարուէր այն իմաստով, որ…

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏՊԱԾՈՅ ԲՈԼՈՐ ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ԴԱԴՐԻ

Մինչ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող առաջին պարագան յայտարարեց, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Իմատ Սարա նախարարութեան յարկէն ներս ժողով մը գումարեց սուրիական «Ուաթան», «Թշրին» եւ «Սաուրա»…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ

ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած առաջին պարագան հաստատուեցաւ։ Վարակուողը օտար երկրէ մը Սուրիա ժամանած երիտասարդուհի մըն է, որ արդէն իսկ վերահսկողութեան տակ առնուած է։

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԵՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՄԻՋԵՒ

ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ կառավարութիւնը քաղաքացիները յորդորեց հետեւիլ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու Առողջապահութեան Նախարարութեան թելադրանքներուն, հականեխիչ դեղերու օգտագործումով եւ անհատական մաքրութեան ուշադրութիւն դարձնելով, զերծ մնալու պսակաձեւ ժահրէն, անգամ մը եւս հաստատելով, որ ցարդ…