Category: Սուրիական

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ

Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2020-ին, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր պետութիւններուն հիւանդապահութեան ոլորտն ու ուսուցումը զարգացնելու, զգուշացնելով ընդհանուր առմամբ հիւանդապահական քատրերու նուազումէն, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի համաճարակի տարածման ներկայ պայմաններուն մէջ։…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿԵԼՈՒ ԱՌԻԹԸ ՈՒՆԻ

ՍԱՆԱ, Ժընեւ.- Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ հակառակ անոր որ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը մտահոգիչ ձեւով կը բարձրանայ, սակայն շրջանի պետութիւնները առիթը ունին սահմանափակելու համաճարակին տարածումը։…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒՈՂ 3 ՆՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՆ

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող 3 նոր պարագաներ արձանագրուեցան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը կը հասնի 19-ի, որոնցմէ 2-ի…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՐԿՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ԲՈՒԺՈՒԵՑԱՆ

Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց պսակաձեւ ժահրով 16 վարակուողներէն երկուքին բուժուած ըլլալը։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՚ըլլայ 12, իսկ մահացողներունը՝ 2։ Յիշենք, որ բուժուած…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆՑ ՅԵՏԱՁԳՈԻՄԸ Կ՚ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդը, պսակաձեւ ժահրին տարածումէն նախազգուշացման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, որոշեց երկարաձգել Սուրիոյ մէջ մշակութային գործունէութիւններու յետաձգումը՝ ցնոր տնօրինում։

ՀԱԼԷՊԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱԼԱՏԸ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆԱԽԱՁԵՌՆԷ

Հալէպի ճարտարարուեստի պալատի տնօրէն Ֆարէս Շահապին 3 Ապրիլին յայտարարեց, որ տեղական ուժերով ճարտարարուեստի պալատը նախաձեռնած է պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն բուժման համար օգտագործուող արուեստական շնչառութեան կազմածներու արտադրութեան: Աշխատանքի պատասխանատու մարմինը յայտնած…

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ այսօր գիշեր ժամը 21,15-ին, 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ, Լաթաքիայէն 65 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, միջերկրականի 20 քլմ. խորութեան երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ, որ ցնցեց Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանը։ Երկրաշարժը զգալի…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒՈՂ 6 ՆՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՆ

Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուող 6 նոր պարագաներ հաստատուած են։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը կը հասնի 16-ի։

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԱՐԳԻԼԵԼ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԲԱԹ ԵՒ ՇԱԲԱԹ ՕՐԵՐԸ ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԸ 12:00-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ

Նախազգուշանալով պսակաձեւ ժահրի տարածման վտանգէն, Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշեց արգիլել երկրի բնակչութեան շրջագայութիւնը Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ յաջորդ օրուան առաւօտեան ժամը 6:00։ Որոշումը…

ՃԱԱՖԱՐԻ ՇԵՇՏԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի շեշտած է Սուրիոյ եւ այլ պետութիւններու պարտադրուած արեւմտեան տնտեսական ապօրինի պատժամիջոցներու վերացման անհրաժեշտութիւնը, նկատի…