Category: Գաղութային

ԿՈՉ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆԴԷՊ ԹՈՒՐՔ-ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը դատապարտէ 27 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան սկսած ազերիեական յարձակումները, որոնք Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդն ու տարածքը թիրախաւորելով՝ մեր ժողովուրդի զաւակներէն մեծաթիւ նահատակներ խլեցին։ Ազերիական այս ոտնձգութիւնը շարունակութիւնն…

ՀԱՅ ԵՐԵՔ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԱՆՍԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հայ երեք Համայնքապետներուն նախագահութեամբ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ զօրակցական աղօթք՝ Արցախի մեր հայրենակիցներուն, Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան եւ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԵՐԵՔ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

27 Սեպտեմբերին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական գործողութիւնները, Թուրքիոյ բարոյական, ֆիզիքական եւ զինուորական ուղղակի մասնակցութեամբ, անգամ մը եւս կը հաստատեն Պաքուի իշխանութիւններուն ռազմապաշտ եւ նախայարձակ վարքագիծը։ Աւելի՛ն, այս անգամ ատրպէյճանական…

ՀՀ ՀԱԼԷՊԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հալէպի հայ հոգեւոր երեք պետերու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու ընդունելութիւն Հիւպատոսարանի շէնքէն…

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ» ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբերին, լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան եւ հրապարակագիր Սարգիս Գասարճեան այցելեց «Գանձասար»ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ խմբագրակազմին եւ թերթի կարգ մը աշխատակիցներուն հետ: Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան մամուլի մարտահրաւէրներուն, արհեստագիտութեան…

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՎԵՐՍԿՍԱԾ Է ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը պատերազմի տարիներուն քարուքանդ դարձաւ զինեալ ահաբեկիչներու մշտական հրթիռակոծումներուն հետեւանքով։ ՍՕԽ-ը, սակայն, չյուսահատեցաւ, շարունակեց իր բարեսիրական եւ բժշկական ծառայութիւնը, իր աշխատանքի կեդրոնն ու առողջապահութեան կեդրոնը, խոհանոցն…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բաշխումին։ Օժանդակութիւնը պիտի բաշխուի 4000 հալէպահայ ընտանիքի։ Բաշխման առաջին հանդիպումին…

“ՀԱՅԱՍՏԱՆ” ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Հալէպի Հիւպատոսութեան դիմատետրի էջի գրառումին համաձայն, “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամը, հալէպահայ ուսուցիչներու ընկերային վիճակի բարելաւման ուղղուած ծրագիրով նիւթական օգնութիւն ցուցաբերեց Հալէպի ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան֊Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի, Կիլիկեան…

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՇՈՒՐՋ 70 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԱԾ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒՆ

«Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան մօտաւորապէս 70.000 ԱՄՆ տոլար յանձնեց Դամասկոսի ՀՀ դեսպանութեան, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայերուն՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակին հետեւանքով ստեղծուած ծանր առողջապահական եւ ընկերային…