ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրիոյ մէջ արաբական նոր հրատարակութիւնները կը յատկանշուին գրական, իմաստասիրական, պատմական եւ քաղաքակրթական ուսումնասիրութիւններու բազմազանութեամբ: Անոնք լայն հորիզոններ կը բանան մարդկային փորձառութեան, ինքնութեան, յիշողութեան եւ ընկերա-քաղաքական փոփոխութիւններու վրայ՝ միաձուլելով գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը, քննադատական ակնարկն ու պատմական վաւերագրումը:
– «Զարմանք՝ Պայթումէն Առաջ, Ապա՝ Լճակին Հանդարտութիւնը»
Հեղինակ՝ սուրիացի վիպագիր Սելիմ Պարաքաթ
Հրատարակչատուն՝ «Ալ-Զաման», Դամասկոս, 2026
Համառօտ ակնարկ։ Արձակ գործ մըն է, որ կը բաղկանայ սեղմ եւ խտացուած գրութիւններէ՝ տատանելով քերթողութեան եւ արձակի միջեւ: Հիմնուած է հակասութեան, ճարտասանական պատկերներու եւ զարմանքի վրայ՝ իբրեւ մուտք մարդուն, պատերազմին, մահուան, ժամանակին եւ գոյութեան շուրջ մտորումներու:
– «Ահմետ Փաշա ալ-Ճեզզարի Գրադարանը. Գիրքի Մշակոյթը Պաղեստինի Մէջ՝ Օսմանեան Դարաշրջանի Աւարտին»
Խմբագիր՝ սուրիացի հետազօտող Սաաիտ ալ-Ճումանի (խումբ մը հետազօտողներու մասնակցութեամբ)
Հրատարակչատուն՝ Brill (Պրիլ), Հոլանտա, 2026
Համառօտ ակնարկ։ Ակադեմական համատեղ ուսումնասիրութիւն մըն է, որ կը քննէ ԺԸ. դարու աւարտին Աքքայի մէջ հիմնուած եւ աւելի քան 1800 ձեռագիր պարունակող գրադարանին պատմութիւնը: Հիմնուելով 1801-ի պատմական ցուցակագրութեան վրայ՝ կը հետեւի ձեռագրերու ճակատագրին եւ տեղափոխութիւններուն ԺԹ. եւ Ի. դարերուն:
– «Յեղափոխական Ժողովուրդի Մը Պատմութիւններուն Վերջին Օրը»
Հեղինակ՝ Դոկտ. Հայսամ Շիպլախ
Հրատարակչատուն՝ «Ալ-Ռումուզ ալ-Արապիէ», Թուրքիա, 2026
Համառօտ ակնարկ։ Պատմուածքի ձեւաչափով կը բացայայտէ յեղափոխութիւն ապրող ժողովուրդի մը պատմութիւնները, կորուստը, պայքարն ու դիմադրողականութիւնը: Գիրքը
կը խտացնէ ցաւի, յոյսի, ազատութեան եւ կեանքի կառչածութեան մարդկային ու ընկերային յիշողութիւնը:
– «Դրամատիրութեան Մրրկային Զարգացումը. Արդի Դարաշրջանը՝ Երկու Ամբողջատիրութիւններու Միջեւ»
Հեղինակ՝ սուրիացի հետազօտող Նապիլ Խտըր Մըլհեմ
Հրատարակչատուն՝ «Մոզայիք», Դամասկոս, 2026
Համառօտ ակնարկ։ Քննադատական ակնարկ մըն է դրամատիրութեան՝ իբրեւ տնտեսութենէն անդին անցնող քաղաքական ու գաղափարական համակարգ: Կը քննարկէ համաշխարհային տնտեսութեան միաձուլման եւ քաղաքական կառոյցներու քայքայման հակասութիւնը՝ առաջարկելով «կլանում» (absorption) եզրոյթը:
– «Դաշտամուկի Խոտը (Թայյուն) Եւ Լոյս՝ Իմ Հողիս»
Հեղինակ՝ սուրիացի բանաստեղծ Մազէն ալ-Խաթիպ
Հրատարակչատուն՝ «Ռո՛ւյա», Դամասկոս, 2026
Համառօտ ակնարկ։ Արդիական քերթողագիրք մըն է, որ կը ներշնչուի սուրիական բնութենէն, հողէն ու յիշողութենէն: Խոտը, ցորենը, ռեհանն ու ձիթենին կը վերածէ ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ կարօտի խորհրդանիշերու՝ փլուզումներու դէմ որոնելով պարզութիւն եւ մաքրութիւն:
– «Եւ Մարգարէն Ըսաւ»
Հեղինակ՝ Ժպրան Խալիլ Ժպրան (թարգմանիչ՝ Իրաքցի թարգմանիչ Շաքեր Նուրի)
Հրատարակչատուն՝ «Թաքուին», Դամասկոս, 2026
Համառօտ ակնարկ։ Նոր հրատարակութիւն մըն է, որ կը համախմբէ Ժպրան Խալիլ Ժպրանի անյայտ ու հազուագիւտ բանաստեղծութիւններն ու ձեռագիրները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուին արաբերէնով: