Հի՜ն եւ մոռցուած թուղթեր, դէպքեր, անուններ
——————————————————
Մայրս տանտիկին մը եղած է լոկ։ Ո՛չ մէկ այլ հանգամանք։ Ազգային-միութենական ծառայութիւն ունեցած չէ։ Պարզապէս՝ նուիրեա՛լ տանտիկին մը, որ ամուսնանալէ ու աշխարհ բերելէ ետք երեք «կորիւն»-ներ՝ ինքզինք ամբողջովին ընծայաբերեր է անոնց հայեցի բարւոք դաստիարակութեան, բարօրութեան եւ աճումին։
Ներկայիս, իր ետին թողլով 88 տարիներու ծանր բեռ մը, ծերունի մայրս կը ճգնի ոտքի պահել իր ազազուն մարմինը՝ կուրծք տալով յառաջացեալ տարիքէն ծնունդ առնող Ֆիզիքական ու առողջական ինչ-ինչ դժուարութիւններու, որոնք կարծէք ամէն օր տեսանելի կամ անտեսանելի մասնիկ մը կը խլեն իր էութենէն ու հետզհետէ կը մաշեցնեն զինք…։
Խնամքի ու հոգածութեան ենթակայ է ան իր սեփական տան մէջ, իր հարազատ երդիքին տակ։ Ընդհանրապէս՝ մունջ, ներամփոփ, աշխարհի ու շրջապատի առօրեայէն խզուա՜ծ…։ Ի՛նք ալ, հաւանաբար, կը մրմնջէ Մուշեղ Իշխանի «Հայ Մամիկին Աղօթքը»-ի վերջին տունը. կը խնդրէ Արարիչէն, որ՝
Ծնող մանուկն առջի հեղ տեսնէ տնակն հայրական,
Եւ ծերունին իր տան մէջ փակէ՜ աչքերն յաւիտեան։
Ինչպէս հին սերունդի բոլոր կիները, մայրս եւս իր ամուսնական հանդերձարանին մէկ խորշը պահած է տուփեր, անձնական իրեր, թուղթեր, զարդեղէն, կերպասներ, ասեղնագործ ժանեակներ, սեւ-ճերմակ լուսանկարներ եւ այլն։
Անցեալները, երբ կարգի կ’ուզէի դնել այդ հնաբոյր «աւանդ»-ները, կոնդակի նմանող մեծածաւալ ոլորուն թուղթեր գրաւեցին իմ ուշադրութիւնը։
Ի՞նչ կրնային ըլլալ անոնք։
Պարզուեցաւ որ վկայականներ են։ Մօրս մանկապարտէզի, նախակրթարանի ու Կիրակնօրեայ Դպրոցի շրջանաւարտութեանց վկայականները…։
Երկա՜ր-երկա՜ր դիտեցի այդ դեղնորակ ու գեղաճաշակ վկայականները, որոնք թէեւ
կու գային 80, 75 կամ 70 տարուան հեռաւորութենէ, սակայն պահուած էին մաքուր, խնամքով (ինչպէս մօրս գրեթէ բոլոր իրերը)։
Ուշադրութեամբ կարդացի երեք վկայականներն ալ եւ յուզում մը պատեց զիս։
– Ահա՛ւասիկ սերունդ մը,— մտածեցի,- որ ապրած էր 40-ական թուականներէն մինչեւ 2000-ական թուականներ երկարող յարափոփոխ տասնամեակները ու հիմա իր վերջալոյսը կ’ապրէր լուսանցքի վրայ…։
Իր ամենամօտիկ հարազատներն անգամ չէին հետաքրքրուեր իրմով…։
Կեանքի դառնութիւններէն մէկն է այս։
Մօրս վկայականները ուրիշ անդրադարձումներու ալ մղեցին զիս։
Զորօրինակ, իր մանկապարտէզի վկայականը կու գայ 1946 թուականէն։ Այսինքն՝ ճի՛շդ 80 տարուան անցեալէ մը, երբ փոքրիկն Արփինէ Ն. Գույումճեան (մայրս) շրջանաւարտ կ’ըլլար Այնթապու Կրթասիրաց վարժարանէն։
Ուշադի՛ր…։ Այս գրաբարեան հոլովաձեւով «Այնթապու»-ն (Այնթապի) չխաբէ ձեզ։ Դպրոցը նոյնինքն Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանն է, զոր հալէպաբնակ այնթապցիները այդ հեռաւոր տարիներուն կը սիրէին կոչել «Այնթապու Կրթասիրաց վարժարան», յատկապէս շեշտելով դպրոցին հայրենակցական պատկանելիութիւնը, որ առաջնահերթութիւն մըն էր իրենց համար, սրբազա՜ն դրոշմ մը…։ Այդպէ՛ս էր պարագան նաեւ քաղաքիս Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին (Նոր Գիւղի ծայրամասը, այժմ փակուած), որ մարաշցիներու տնօրինումին ենթակայ ըլլալով՝ կը կոչուէր «Մարաշու Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան»…։ Այս վարժարանները գաղթական հայրենակիցներու ճիգերով հիմնուած էին Մեծ Եղեռնէն անմիջապէս յետոյ, անցեալ դարու 20-ական թուականներուն, վերապրեցնելու համար աւանդն ու յիշատակը իրենց սիրելի այն կրթօճախներուն, որոնք մնացեր էին սահմանին միւս կողմը, Կիլիկիոյ մէջ…։ Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի մէջ գործող դպրոց մը կրնար կոչուիլ «Այնթապու Կրթասիրաց» կամ «Մարաշու Մեսրոպեան» վարժարան…։
Մօրս մանկապարտէզի վկայականը դեռ կը մղէր զիս այլ անդրադարձումներու ալ։ Վկայականին ձախ կողմը արձանագրուած էր թիւ մը՝ 808։ Ի՞նչ բանի թիւն էր այս։ Կ’ենթադրեմ որ անիկա մանկապարտէզէն շրջանաւարտներու ընդհանուր թիւն էր։ Այսինքն, մայրս Կրթասիրացի մանկապարտէզէն շրջանաւարտ 808-րդ երեխան էր…։ Դպրոցը հիմնուած էր 1924-ին։ Ուրեմն, մինչեւ 1946, 22 տարուան ընթացքին, մանկապարտէզէն վկայուած էին աւելի քան 800 հոգի։ Միջին հաշուով՝ տարեկան 37 երեխայ։
Կը կարդամ վկայականին վրայ յստակօրէն երեւցող չորս ստորագրութիւններն ալ։ Նախ՝ տնօրէն Գրիգոր Պօղարեանի ստորագրութիւնը, ապա անոր կից՝ մանկապարտիզպանուհի Ս. Տ. Սահակեանի, այնուհետեւ ալ՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Տաղլեանի ու ատենադպիր Պենոն Գլըճեանի ստորագրութիւնները։
Զոյգ հոգաբարձուներուն անունները անծանօթ չեն ինծի։ Կրթասիրացի շրջանակին մէջ գործունեայ եւ աշխոյժ տարրեր եղած են անոնք տարիներո՜վ։ Մանկապարտիզպանուհին Սիրուն Տէր Սահակեանն է։ Ինչ կը վերաբերի տնօրէնին, Հալէպի մէջ կա՞ր մէկը, որ չէր լսած կրթական երկարամեայ այս մշակին ու անկրկնելի դաստիարակին անունը։
Գրիգոր Պօղարեա՜ն…։ Այսօր կ’անդրադառնամ, որ արդէն յիսուն տարի սահեր-անցեր է պր. Պօղարեանի մահէն ասդին։ Մոռցուած անուն մըն է ան այսօր, դժբախտաբար։ Չեմ զարմանար, եթէ Կրթասիրաց-Չէմպէրճեան երկրդ. վարժարանի այսօրուան աշակերտները ուս թօթուեն անտարբեր՝ երբ այս անունը հարցուի իրենց…։
Ես որ Կրթասիրաց չեմ յաճախած բնաւ, դեռ մանկուց՝ իմ մտքին մէջ դրոշմած էի այս անուն-մականունը, որովհետեւ «Բուրաստան» մակապատանեկան պարբերականի (1950-58) հին հաւաքածոներու ընթերցման պահուն՝ գրեթէ ամէն թիւի մէջ կը հանդիպէի Պօղարեանի ստորագրութեան, պատանիները կրթող սիրուն գրութեան մը ներքեւ։ Գրիգոր Պօղարեան գլխաւոր խմբագիրներէն մին էր Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան կողմէ հրատարակուող երկամսեայ պատկերազարդ շա՛տ խնամեալ այս հանդէսին։
Կասկած չկար, որ Գրիգոր Պօղարեան մտաւորական արժանիքներով օժտեալ անձ մըն էր։ Բնիկ այնթապցի, հիմնական ուսումը ստացած էր իր ծննդավայրի Վարդանեան Կրթարանին (1900-1912) ու նորահաստատ Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ (1912-1915)։ Այնթապի հայաթափումէն ետք Հալէպ գալով՝ 1929-ին հրաւիրուած էր ստանձնելու Կրթասիրաց վարժարանի (աղջկանց ու մանչերու բաժիններով) տնօրէնութիւնը ու այդ պաշտօնին վրայ մնացեր էր լման 28 տարի, մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը 1957-ին, երբ ճիշդ վաթսուն տարեկան էր (դպրոցին ու զայն հովանաւորող Կրթասիրաց Միութեան առաջին յիսնամեակի ընդարձակ պատմութիւնը գրի առնուած է ի՛ր կողմէ ու տպուած վարժարանի 65-ամեակի «Յուշամատեան»-ին մէջ)։ Անկէ ետք վերջնապէս հաստատուեր էր Պէյրութ, հոն, ամբողջ տասնամեակ մը (1962-1971), վարելով խմբագրութիւնը «Հայ Անթէպ» հայրենակցական պարբերաթերթին։ Հալէպահայութիւնը, 1950-ին, մեծ շուքով նշած էր պր. Պօղարեանի կրթական գործունէութեան
25-ամեակը։ 1970-ին ալ Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսը, ի շարս խումբ մը հայ կրթական մշակներու, զինք պարգեւատրած էր «Ս. Մեսրոպ» շքանշանով, Ուսուցչաց Տօնի առթիւ սարքուած մեծարանքի հանդիսութեան մը ընթացքին։
Ան իր վերջին շունչը պիտի փչէր Պէյրութ, 1975-ի Դեկտեմբեր 18-ին։ Մահէն երեք շաբաթ առաջ գրի առած էր «Հրաժեշտի գիր» մը, ուր կ’ըսէր. «Նիւթ ու մարմին ինծի համար եղած են անցողական բաներ. ատոնք աշխար-
հին էին եւ պիտի ձգեմ աշխարհին։ Զիս աշխարհին կապողը եղած էին միտքս ու հոգիս»…։
Գր. Պօղարեանի հայրը քահանայ էր՝ Տ. Գարեգին (1867-1946), որ աւելի քան տասնամեակ մը ծառայած էր Այնթապ, նոյնքան մըն ալ Հալէպ։ Իսկ իր կրտսեր եղբայրը կուսակրօն միաբան էր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին.- Նորայր արք. Ծովական, նշանաւոր ձեռագրագէտը (վախճանած՝ 1996-ին)։ Մեր մեծերը կը պատմէին, որ Գրիգոր Պօղարեան ունէր երկրորդ կրտսեր եղբայր մըն ալ՝ Խաչիկը, որ Հալէպի մէջ, 1925-էն սկսեալ, կը բանեցնէր հանրածանօթ գրատուն մը։
Իր բոլոր աշակերտներն ալ միահամուռ կը վկայեն, թէ պր. Պօղարեան պատկառելի ու ծանրաշուք տնօրէն մըն էր։ Կրթասիրաց վարժարանը իր ոսկեդարը ապրած էր անոր օրով։ Իր անունը անպայման պիտի դնենք փաղանգին մէջ հին շրջաններու այն ուսուցիչներուն,- Եդուարդ Տասնապետեան, Արմէն Անոյշ, Կարապետ Իւլիւպէեան, Շաւարշ Մակարեան, Արտաշէս Սարգիսեան, Արտաշէս Տոնճոյենց, Վարդան Երամեան, Պալապան Խօճա, Յովակիմ Պագգալեան, Արմէն Տէր Պետրոսեան, Հայկ Պարիկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Մինաս Թէօլէօլեան եւ այլն, եւ այլն,- որոնք փարելով Հալէպի հայկական վարժարաններուն՝ շա՛տ բան տուին եկող-գացող իրերայաջորդ սերունդներուն…։ Ու այսօր, իր շուքէն ու շունչէն այսքան հեռու, եթէ պիտի «հաղորդուինք» Գրիգոր Պօղարեանին հետ, կ’առաջարկեմ փնտռել, գտնել ու կարդալ իր երկու հատորանի փառաւոր «Այնթապականք»-ները (Պէյրութ, 1974), ուր ան
կը խօսի ու կը պատմէ, թէ ի՛նչ եղած է այնթապցիներու տուրքը հայ տպագրութեան, մամուլին, գրականութեան, մշակոյթին եւ ազգային-հաւաքական կեանքին…։
* * *
Մօրս մանկապարտէզի վկայականը կրկին ոլորելէ ու զայն իր տեղը վերադարձնելէ առաջ, անգամ մը եւս նայեցայ թուղթէ այս պատուանշանին՝ վերէն վար։ Ուշադրութիւնս գրաւեց յաւելեալ մանրամասնութիւն մը՝ տպարանի մը անունը։ «Տպարան Տէր Սահակեան, 39 Թիլէլ, Հալէպ»։
Այս հասցէն ալ մաս կը կազմէ, ահաւասիկ, հին Հալէպի պատմութեան, որ ժամանակ մը լեցուն եղած է հայկական ինչ-ինչ տպագրատուներով։
Ստոյգ տուեալներ քաղելու համար կը դիմեմ Հայկ Պարիկեանի «Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու» հատորին (1973)։ Հոն կ’ըսուի, թէ այս տպարանին հիմնադիր-սեփականատէրը կը կոչուէր Աւետիս Տէր Սահակեան։ Տպագրատունը կը բանի 1930-1949, մինչեւ տպարանատիրոջ Պէյրութ փոխադրութիւնը։ Այնուհետեւ, անիկա կը ծախուի հայ արհեստակիցի մը։ Այս տպարանին մէջ տպուած են Ծառուկեանի «Առագաստներ» քերթողագիրքը (1939) ու հալէպեան «Նայիրի» գրական պարբերականը, տպուած են նաեւ շարք մը հայերէն գիրքեր, ինչպէս՝ Հալէպի երբեմնի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի «Պատմութիւն Հալէպի Ազգային Գերեզմանատնաց եւ Արձանագիր Հայերէն Տապանաքարերու»-ն (Բ. հատոր,1935) եւ «Մայր Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Հալէպի, Անթիլիասի եւ Մասնաւորաց»-ը (Բ. հատոր, 1936), Զարեհ Մելքոնեանի բանաստեղծական առաջին գիրքերը («Ես եւ Մարդիկ» – 1943, «Ջրհեղեղեն հետո» – 1947, այս մէկը հեղինակին փափաքով տպուած է աբեղեանական ուղղագրութեամբ…), Երուանդ Պարսումեանի «Ես Ինծի Հետ» քերթողագիրքը (1944), Արիս Շաքլեանի «Կար ու Չկար» պատմուածքներու ժողովածուն (1946) եւ այլն, եւ այլն։ Այս բոլորին առընթեր, Աւետիս Տէր Սահակեան 1937-ին ինք անձամբ կազմած ու հրատարակած է «Կոմիտաս» ժողովրդային երգարան մը, աւելի քան 500 էջանի։ Այլ աղբիւրէ մը կ’իմանամ, թէ Աւետիս Տէր Սահակեան (որ քահանայի զաւակ էր) Պէյրութ հաստատուելէ ետք այնտեղ հիմնած ու բանեցուցած է նոր տպարան մը, արդիական մեքենաներով (քսանէ աւելի գիրքեր տպուած են հոն)։ Մահացած է 1973-ին, 73 տարեկանին։ Ասպարէզը շարունակուած է իր որդւոյն՝ Պերճ Տէր Սահակեանի կողմէ, որ ժամանակ մը յետոյ տպարանային գործը փոխակերպած է գրատունի (Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ, Սինեմա Սանթրալի դիմաց՝ «Գրատուն Պերճ»)։ Այս գրատունը իր տիրոջ հետ միասին, 1987-ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս (Կլէնտէյլ), սպասարկելով տեղւոյն գաղութին շուրջ երեք տասնամեակ, մինչեւ իր վերջնական հաշուեյարդարն ու փակումը 7-8 տարի առաջ…։
Պատմութի՜ւն մը, ահաւասիկ, որուն վրայ վարագոյր իջած է…։
Լեւոն Շառոյեան