Կան վայրեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը դադրին պարզապէս շէնք ըլլալէ։ Անոնք կը դառնան յիշողութեան, դաստիարակութեան եւ հաւաքական կեանքի օջախներ։ Իրենց պատերուն մէջ անցած տարիները կը շարունակեն ապրիլ այնտեղ մեծցած սերունդներուն մէջ։
Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի ակումբը ինծի համար այդպիսի վայր մը եղած է։
Անիկա իմ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն հանդիպավայրն էր, բայց միաժամանակ՝ այն միջավայրը, ուր առաջին անգամ սկսայ ծանօթանալ ազգային կեանքին, գիրքին, գաղափարին, ընկերութեան եւ պատասխանատուութեան։
ՀՄԸՄ-ը, որ հիմնադրուած է 1918-ին, իր մարմնակրթական, սկաուտական եւ ազգային դաստիարակութեամբ սերունդներու կեանքին մէջ ունեցած է իւրայատուկ դեր։ Գամիշլիի մէջ անոր ակումբը ժամանակի ընթացքին դարձաւ ոչ միայն մարզական գործունէութեան կեդրոն, այլեւ գաղութային կեանքի կարեւոր օջախներէն մէկը։
Առաջին հանդիպումս այդ ակումբին հետ շատ պարզ եղաւ։
Օր մը հայրս մեզ՝ չորս եղբայրներս, անակնկալ կերպով տունէն երեք փողոց հեռու գտնուող այդ վայրը տարաւ։ Հասանք երկաթէ մեծ դռան մը առջեւ։ Դուռը բաց էր։ Քանի մը աստիճան բարձրանալով՝ մտանք ընդարձակ սրահ մը։
Այդպէս առաջին անգամ ոտք դրի ՀՄԸՄ-ի ակումբ։
Մեզ դիմաւորեց ակումբապահ ամմօ Միսաքը, որ ականջին լսողական սարք մը ունէր։ Հայրս տեսնելով՝ հարցուց.
և Ի՞նչ պիտի խմէք, Պրն. Ներսէս։
Հայրս պատասխանեց.
և Հինգ հատ միլօ, եւ երանի՜ թէ տոմինօն ալ բերես։
Այդ օրը առաջին անգամ տոմինօ խաղցայ։
Այդ ժամանակ, բնականաբար, չէի գիտեր, որ այդ պարզ խաղի սեղանին շուրջ նստելով՝ աստիճանաբար պիտի մտնէի շատ աւելի ընդարձակ աշխարհի մը մէջ։
Մանկութեանս հարցումները շատ էին։
Աջ ու ձախ նայելով հօրս հարցուցի.
և Ո՞վ շինած է այս ակումբը։
Հայրս բացատրեց, որ ակումբը մեր կազմակերպութեան սեփականութիւնը եղած է եւ կը գործէ ՀՄԸՄ-ի անունով։ Պատմեց նաեւ, որ երիտասարդ տարիքին ինք մասնակցած էր երիտասարդական կազմակերպական աշխատանքներու եւ 1960-ական թուականներուն շարքային անդամ եղած էր։ Այդ շրջանին իր պատասխանատու ղեկավարներէն մէկը եղած էր Յովսէփ Գալուստեանը։
Հայրս նաեւ կը պատմէր, որ իր հայրը՝ Տիգրանը, եւ կազմակերպութիւնը տարեկիցներ էին։ Մեծ հայրս ծնած էր 1890 թուականին՝ նոյն այն տարին, երբ հիմնադրուած էր կազմակերպութիւնը։
Այդ տեղեկութիւնը մանկական մտքիս մէջ տարօրինակ կերպով կապեց ընտանիքս ազգային պատմութեան մը հետ։
Երբ լսեցի, որ հայրս ինք եւս այդ կազմակերպական կեանքին մաս կազմած էր, մէջս ծնաւ պարզ, բայց հաստատ որոշում մը.
«Երբ մեծնամ, հօրս նման պիտի ըլլամ»։
Այդ մանկական միտքը հետագային պիտի խորանար եւ դառնար գաղափարի մը ծառայելու համոզում՝ անհատական կեանքէն անդին տեսնելու նպատակի մը իմաստը եւ սեփական ուժերը տրամադրելու հաւաքական գործին։
Ակումբը շուտով դարձաւ մեր առօրեային մէկ մասը։
Հոն էին մտերիմ ընկերներս՝ Վարանդ Մկրտիչեանն ու Սագո Սիմոնեանը։ Անոնք ալ այնպիսի ընտանիքներէ էին, որոնց կեանքին մէջ ազգային եւ կազմակերպական գործունէութիւնը վաղուց տեղ ունէր։
Մենք կը խաղայինք փինկ-փոնկ, ճատրակ, պէյպի-ֆութ, կը զրուցէինք եւ ժամեր կ’անցընէինք միասին։
Սակայն ակումբը վերոյիշեալներէն շատ աւելին էր։
Հոն կը գործէին ՀՄԸՄ-ը, ՍՕԽ-ը, Համազգայինը եւ ազգային կեանքին ծառայող այլ մարմիններ։ Ակումբը այդ պատճառով բնականօրէն դարձած էր Գամիշլիի հայութեան ազգային, մշակութային, մարզական եւ ընկերային կեանքի կարեւոր հանգոյցներէն մէկը։
Վերնայարկին կը գտնուէր «Զաւարեան Գրադարանը»։
Գրադարանը ինծի համար առանձնայատուկ տեղ մը եղաւ։ Յաճախ կը ստանձնէի անոր պատասխանատուութիւնը եւ ժամեր կ’անցընէի գիրքերով շրջապատուած։ Այդ միջավայրը հետզհետէ կը փոխէր հետաքրքրութիւններուս շրջանակը։ Ակումբին մէջ խաղին կողքին գիրքը մտաւ կեանքիս մէջ, իսկ ընկերային միջավայրին կողքին՝ մտածելու անհրաժեշտութիւնը։
Այդ շէնքն ալ իր պատմութիւնը ունէր։
Հին ակումբը այլեւս չէր բաւարարեր գաղութի աճող կարիքները, ուստի 1950-ականներու վերջաւորութեան Գամիշլիի հայութիւնը ձեռնարկեց նոր ու աւելի ընդարձակ ակումբի մը կառուցման։
Ժամանակի մամուլը նորաշէն ակումբը կը նկարագրէր իբրեւ երկյարկանի շէնք մը՝ շուրջ 20 մեթր երկարութեամբ եւ 10 մեթր լայնութեամբ։ Գեղեցիկ տանիքը գրեթէ երրորդ յարկի մը տպաւորութիւնը կու տար։
Շինութեան գործը միայն վարչական որոշումով մը չէր իրականացած։ ՀՄԸՄ-ի, ՍՕԽ-ի եւ Ակումբի վարչութիւնները իրենց նախնական խնայողութիւններով սկսած էին գործը, իսկ մնացեալը ապահովուած էր գաղութի կամաւոր նուիրատուութիւններով։
Նախատեսուած ծախսը 30-35 հազար սուրիական ոսկի էր, սակայն շինութեան ընթացքին ծախսը հասաւ 55-60 հազարի։
Այդ թիւերուն ետին կար գաղութ մը, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կ’օժանդակէր իր իսկ կեանքին համար կառուցուող օջախին։
Գամիշլիի երէց ընկերներէն Զաւէն Գասպարեան պիտի պատմէր, որ ինք եղած էր ՀՄԸՄ-ի առաջին ֆութպոլիստներէն մէկը։ Ան ինծի փոխանցած էր նաեւ շինութեան օրերուն վերաբերող ուրիշ յիշատակ մը։ Ան կը պատմէր, թէ երիտասարդները իրենց ուսերուն շալկած սալայատակները
կը տեղափոխէին եւ գետնայարկ կ’իջեցնէին։
Այդ պատկերին մէջ, թերեւս, ամբողջ սերունդի մը բնաւորութիւնը կար։
Անոնք իրենց միջոցներով ու իրենց ձեռքերով կը կառուցէին այն վայրը, ուր յաջորդ սերունդները պիտի մարզուէին, պիտի կարդային, ժողով պիտի գումարէին ու պիտի կազմաւորուէին։
Քարը քարի վրայ կը բարձրանար շէնքը, իսկ անոր հետ միասին
կը կառուցուէր նաեւ գաղութի յիշողութիւնը։
Ակումբին մէջ պատանեկան եւ երիտասարդական աշխատանքները եւս իրենց կազմակերպուած ընթացքը ունէին։
Պատանեկան աշխատանքները բաժնուած էին հինգ կարգերու եւ աւարտական կարգի։ Ակումբի սենեակները սահմանափակ էին, եւ բոլոր կարգերու ժողովները միաժամանակ կազմակերպել հնարաւոր չէր։ Այդ պատճառով մեր ժողովներուն համար յաճախ կը գործածէինք Ազգային Մանկապարտէզի մէջ մեզի յատկացուած փոքրիկ սենեակը։
Մենք՝ առաջին եւ երկրորդ կարգերու պատանիներս, հոն
կը հաւաքուէինք։ Մէկ կարգը իր ժողովը կը սկսէր, իսկ յաջորդը կը սպասէր իր հերթին։
Մեր դաստիարակներն էին Նայիրի Խաչատուրեանն ու Կարինէ Մակարեանը։
Այդ փոքրիկ սենեակին մէջ մենք կը սորվէինք շատ մը բաներ, որոնք դպրոցական դասագիրքերու մէջ չկային։ Կը սորվէինք լսել, մտածել, արտայայտուիլ եւ մեր բաժին պատասխանատուութիւնը ստանձնել։
Պատի թերթեր կը պատրաստէինք, կը մասնակցէինք հանդիպումներու եւ դասախօսութիւններու։ Պատմական դէպքերու մասին կը լսէինք, պատերուն վրայ կախուած ֆետայիներու նկարները կը տեսնէինք եւ աստիճանաբար կը ծանօթանայինք այն պատմութեան, որուն մէկ մասնիկը մենք ալ կը դառնայինք։
Այս ամէնը դպրոցական կրթութեան կողքին ստեղծած էր ուրիշ կրթութիւն մը՝ ազգային, ընկերային եւ գաղափարական։
Օր մը հայրս ըսաւ.
և Տղա՛ս, գրադարանին մէջ փնտռէ Նիկոլ Աղբալեանի գիրքը եւ սկսիր կարդալ։
Փնտռեցի հին գիրքերու եւ թղթածրարներու մէջ ու գտայ փոքրիկ գրութիւն մը, որուն մէջ Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ իր բարեկամներէն մէկուն ուղղուած նամակ մը կար։
Նամակին սկզբնաւորութեան գրուած էր.
«Կեանքը դրամագլուխ մըն է, որ պէտք է շահագործել զայն։ Շատ մարդիկ, շլացած կեանքի հարստութենէն, անխնայ կը վատնեն զայն՝ կարծելով, թէ վերջ չունի, եւ ահա օր մը զարհուրանքով կը տեսնեն, որ արդէն սնանկ են։ Պէտք է խնայել ուժերը եւ տեղին գործածել. ով զուսպ է, ա՛ն է հզօրը»։
Այդ խօսքերը խոր հետք թողուցին մէջս։
(շար. 1)
————————————————————————————————
Պատանի տարիքիս համար անոնք պարզ խրատ մը չէին։ Անոնք կը բանային կեանքի նկատմամբ ուրիշ ընկալում մը։ Մարդուն ժամանակն ու ուժերը սահմանափակ են, հետեւաբար անոնք պէտք է գիտակցութեամբ գործածել։
Հետագային հասկցայ նաեւ, որ գաղափարի ծառայութիւնը միայն խանդավառութեամբ չի կրնար իրականացուիլ։ Ան կը պահանջէ կարգապահութիւն, տոկունութիւն եւ սեփական ուժերը նպատակային կերպով գործածելու կարողութիւն։
Նիկոլ Աղբալեանի այդ քանի մը տողերը այդ իմաստով երկար ժամանակ մնացին իմ մտածողութեանս մէջ։
Տարիներ ետք հայրս ակումբին մասին ուրիշ պատմութիւն մը պատմեց ինծի։
Ակումբը շրջանի ամենաբարձր շէնքերէն մէկն էր։ Տանիքին վրայ կը ծածանէր հայկական եռագոյնը, իսկ գիշերները զայն ուժեղ լոյսերով կը լուսաւորէին։ Սահմանը ակումբէն հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռու էր, հետեւաբար լուսաւորուած դրօշը հեռուէն իսկ տեսանելի էր։
Հայրս պատմեց, որ թրքական կողմէն քանի մը անգամ բանաւոր պատգամներ հասած էին, որ լուսաւորումը անջատուի։
Բայց լոյսը չէր մարած։
Ընդհակառակը՝ աւելի զօրաւոր կը լուսաւորուէր։
Այդ դէպքը հետագային ինծի համար դարձաւ աւելի խոր իմաստ ունեցող յիշողութիւն։
Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ժողովուրդի մը զաւակներ էինք։ Մեր նախահայրերը կորսնցուցած էին տուն, հայրենիք եւ կեանքի բնական շարունակականութիւնը։ Բայց յետոյ, այդ կորուստներուն ընդմէջէն, նոր կեանքեր կառուցուած էին։
Գամիշլիի այդ ակումբը այդ վերակառուցման փոքրիկ մասնիկն էր։
Եւ անոր տանիքին վրայ, սահմանին մօտ, գիշերուան մէջ լուսաւորուող եռագոյնը տեսանելի կերպով կը յայտարարէր հայկական ներկայութիւնը։
Ոչ աղմուկով։
Ոչ ճառով։
Պարզապէս՝ լոյսով։
Տարիները անցան եւ կեանքի ընթացքը մեզմէ իւրաքանչիւրս տարբեր ուղղութիւններու տարաւ։
Սակայն մանկութեան այդ միջավայրը իր հետքը ձգեց։
Այսօր ետ նայելով՝ կը հասկնամ, որ ակումբը ինծի համար երեք տարբեր աշխարհներու հանդիպման վայր էր։
Առաջինը՝ ընկերութիւնը։
Հոն մենք միասին կը խաղայինք, կը վիճէինք, կը հաշտուէինք եւ կը սորվէինք, որ մարդուն կեանքը միայն անհատական ճամբայ մը չէ։
Երկրորդը՝ գիրքը։
«Զաւարեան Գրադարանը» ինծի բացաւ այն դուռը, որմէ ներս մտնելով՝ մարդ կը սկսի ոչ միայն գիտելիք ստանալ, այլեւ հարցումներ տալ։
Երրորդը՝ գաղափարը։
Պատանեկան ժողովները, դասախօսութիւնները, պատմական զրոյցները եւ կազմակերպական կեանքը մեզի կը սորվեցնէին, որ գաղափարը միայն բառ մը չէ։ Անիկա պահանջ է՝ կեանքի որոշ ընտրութիւններ ընելու եւ սեփական կարողութիւնները որոշ նպատակի մը ծառայեցնելու։
Այս երեքը՝ ընկերութիւն, գիրք եւ գաղափար, իրարու միացած էին նոյն ակումբին մէջ։
Այսօր շատ մը տարիներ անցած են։
Շէնքերը կը ծերանան, սերունդները կը փոխուին, քաղաքները կը փոխեն իրենց դիմագիծը։ Մարդիկ կը հեռանան եւ նորերը կու գան։
Բայց որոշ վայրերու իսկական կեանքը իրենց քարերուն մէջ չէ։
Անոնք կ’ապրին այն մարդոց մէջ, որոնք իրենց երիտասարդ տարիները հոն անցուցած են։
Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի ակումբը իմ կեանքիս մէջ այդպիսի տեղ մը եղաւ։
Այդ երկաթէ մեծ դռնէն ներս մտնելով՝ ես առաջին անգամ հանդիպեցայ աշխարհի մը, որ դպրոցէն տարբեր էր։ Հոն չկային դասարաններ, բայց կային դասեր։ Չկար մէկ ուսուցիչ, բայց կային մարդիկ, գիրքեր եւ ապրուած օրինակներ։
Հոն սորվեցայ, որ ընկերութիւնը պարտաւորութիւն ունի։
Որ գիրքը մարդուն միտքը կը լայնցնէ։
Որ գաղափարը կը պահանջէ ինքնակարգապահութիւն։
Որ ազգային կեանքը միայն խօսք չէ, այլ մասնակցութիւն եւ ծառայութիւն։
Եւ որ յիշողութիւնը պահելու համար երբեմն պէտք է լոյս մը վառ պահել։
Այդ պատճառով, երբ կը խօսիմ Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի ակումբին մասին, չեմ խօսիր միայն շէնքի մը մասին։
Կը խօսիմ իմ առաջին գաղափարական եւ մտաւորական կրթարանիս մասին։
Ան ինծի արմատներ տուաւ՝ հասկնալու համար, թէ ուրկէ կու գամ։
Գիրք տուաւ՝ մտածելու համար։
Ընկերներ տուաւ՝ միասին քալելու համար։
Գաղափար տուաւ՝ ծառայելու համար։
Եւ տանիքին վրայ լուսաւորուող եռագոյնը՝ չմոռնալու համար, որ անցեալը միայն յիշելու բան չէ։
Ան նաեւ պատասխանատուութիւն է։
Այդ ակումբը այսօր կրնայ միայն յիշողութեան մէջ գոյութիւն ունենալ, բայց իր տուած դասերը չեն սահմանափակուիր ոչ մէկ շէնքով։
Որովհետեւ շէնքերը կը քանդուին։
Սերունդները կը փոխուին։
Բայց երբ գաղափարը փոխանցուած է մարդէ մարդ, երբ գիրքը բացուած է պատանեկան ձեռքերու մէջ, երբ ընկերութիւնը վերածուած է ծառայութեան, իսկ յիշողութիւնը՝ պատասխանատուութեան, այն ժամանակ ակումբ մը կը դադրի շէնք ըլլալէ։
Կը դառնայ ժառանգութիւն։
Եւ ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ այնքան ատեն, որքան կան մարդիկ, որոնք զայն իրենց կարգին պիտի փոխանցեն։
Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեան