Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը հայ ազգի գոյատեւման, քաղաքակրթական ինքնութեան եւ հաւաքական վերելքի ամէնէն կենսական պատգամը կը պարփակէ։ Երբ Ե. դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Վռամշապուհ թագաւորի զօրակցութեամբ, լծուեցան գիրերու գիւտին ու դպրութեան տարածման, անոնք ցոյց տուին, թէ պետականութեան, հոգեւոր դասուն եւ մտաւորականութեան գործակցութիւնը ինչպէս կրնայ փրկել ազգ մը։ Ոսկեդարու մեր եկեղեցականներն ու թարգմանիչ հայրերը այդ օրերու արդիական գիտութիւնն ու մշակոյթը հայացնող լուսաւորիչներ եղան։ Անոնց նպատակն էր բարելաւել հաւաքական կեանքը, հայոց լեզուն դարձնել հաղորդակցութեան ու մտածողութեան ուժեղ ազդակ եւ ապահովել հայ ազգին երկարակեցութիւնը՝ միաժամանակ թափ տալով ուրոյն լեզուով ստեղծագործելու կարողութեան։
Հետագային ոչ միայն հայերէն տառեր ունեցանք, այլեւ զարկ տրուեցաւ դպրոցներու հիմնադրութեան, հայերէնի ուսուցման եւ մայրենիով ստեղծագործելու ճիգին, որուն զուգահեռ ծաւալեցաւ թարգմանական կարեւոր աշխատանքը։ Թարգմանութիւնը դարձաւ օտար մշակոյթներու եւ հայկականի փոխյարաբերութեան հիմնական խթանը, որուն շնորհիւ փիլիսոփայական, գրական, գիտական ու կրօնական բազմաթիւ հատորներ թարգմանուեցան հայերէնի։
Օտար գրականութենէ դէպի արեւմտահայերէն թարգմանութեան այս աւանդոյթը շարունակուեցաւ դարերու ընթացքին։ 19-րդ դարու Զարթօնքի շրջանին, յատկապէս Կոստանդնուպոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ, Մատթէոս Մամուրեանի, Արշակ Չօպանեանի եւ այլոց կողմէ ֆրանսերէնէ ու անգլերէնէ թարգմանուեցան Վոլթերի, Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Շաթոպրիանի եւ եւրոպացի այլ հեղինակներու գործերը: Այսօր, Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ, մեր մտաւորականներն ու գրողները, ինչպէս Մարկ Նշանեան, Գրիգոր Պըլտեան եւ ուրիշներ, կը շարունակեն նոյն առաքելութիւնը՝ համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցները հասցնելով արեւմտահայ ընթերցողին։
Գրականութեան կողքին, տեղեկատուական ներկայ աշխարհին մէջ օտար մամուլի, քաղաքական վերլուծութիւններու եւ իրաւական փաստաթուղթերու ճշգրիտ ու արագ թարգմանութիւնը անմիջական առնչութիւն ունի Հայաստանի պետական շահերու եւ անվտանգութեան հետ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կեանքի քաղաքական ու ապահովական հոլովոյթին հետ: Այս առումով, օտար հրապարակումները հայկական լրատուական դաշտ ներմուծելը ունի կարեւոր ներգործութիւն. անիկա մեզի թոյլ կու տայ աշխարհը դիտել տարբեր անկիւններէ, մեր իրականութիւնը քննել համաշխարհային պարունակին մէջ եւ ըստ այդմ որոնել առկայ հարցերու լուծումներ։
Այսօր՝ համացանցի եւ արհեստական բանականութեան դարուն, Թարգմանչաց խորհուրդը կը ստանայ նոր հնչեղութիւն։ Արդի մարտահրաւէրը այլեւս միայն լեզուն պահպանելը չէ, այլեւ հայերէնը թուային աշխարհին մէջ ապրեցնելն ու գործնական դարձնելը։ Եթէ նոր սերունդը առցանց տիրոյթին մէջ հայերէնով չհաղորդակցի, մեր մայրենին աստիճանաբար իր տեղը պիտի զիջի օտարին։ Յաճախ
կը շեշտենք, որ լեզուն պահելու համար հարկ է կարդալ, գրել եւ զայն օգտագործել յատկապէս արդի թուային միջոցներով, կամ անոնցմով հաղորդակցելու ընթացքին։
Ուստի, գրական, լրատուական, գիտակրթական եւ այլ կայքերու բանեցման կողքին, նոր սերունդի երիտասարդ ծրագրաւորողներն ու լեզուաբանները պէտք է դառնան մեր դարու նորօրեայ «թարգմանիչները»՝ ստեղծելով հայերէնով որակեալ ծրագրեր, բջջային յաւելուածներ, բառարաններ եւ արհեստական բանականութեան գործիքներ, որոնք մեր լեզուի օգտագործումը դիւրին եւ հրապուրիչ
կը դարձնեն։ Անհրաժեշտ է ընկերային ցանցերու վրայ ստեղծել կրթական, մշակութային ու ժամանցային բարձրորակ բովանդակութիւն, որպէսզի պատանիներն ու երիտասարդները հայերէնը կապեն իրենց ժամանակակից հետաքրքրութիւններուն հետ՝ միաժամանակ բոլոր թուային հարթակներուն վրայ կիրարկեն հայկական տառերով գրելու մշակոյթը՝ լատինատառ հայերէնի փոխարէն։
Նոր սերունդը Թարգմանչաց ոգին պիտի պահէ ոչ թէ միայն անցեալով հպարտանալու համար, այլեւ զայն պիտի առնչէ ներկային՝ դառնալով այսօրուան թարգմանիչը, որ կրնայ հայոց լեզուն, գրականութիւնը եւ պատմութիւնը յաջողութեամբ համարկել համաշխարհային թուային քաղաքակրթութեան մէջ։