Ի՞նչ կը նշանակէ ափերուդ մէջ ունենալ կազմուած հաստափոր տետր մը, գրուած 1928 թուականին:
Ինքնագիր չեն գրութիւնները, այլ՝ ընդօրինակութիւններ, մաքուր, հասկնալի ձեռագրով, «զարդարուած» հեղինակներու դիմանկարներով:
Գիրքի մը բոլոր օրէնքները յարգող տետր մըն է ասիկա:
Կազմուած է, կռնակին ոսկեզօծ գրութիւն մը ունի՝ «Հաւաքածոյ Հատընտիր Քաղուածքներու» եւ անուն մը՝ Դանիէլ Կաճօեան:
Տիտղոսաթերթը մասնաւոր ուշադրութեամբ պատրաստուեր է՝ կազմողի անուն, խորագիր, թուական, վայր եւ անշուշտ՝ բուրգերուն գծանկարը: Կազմողը իր լուսանկարն ալ զետեղեր է այնտեղ, կլոր շրջանակի մէջ:
Գիրերուն տարբեր ձեւերն ու բուրգերուն գծանկարը կը մատնեն նաեւ արուեստի շնորհ մը:
Լուսանկարին մէջէն նայող ժպտուն մանչը 16-17 տարեկան կ’երեւի: Դատելով իր պատրաստած տիտղոսաթերթէն եւ տետրին 621 ձեռագիր էջերէն, մեծ սէր ունեցած ըլլալու է հայ գիրին եւ գրականութեան հանդէպ:
«Սկսուած 1928 Հոկտ. 7-ին, Կիրակի», նշուեր է ներսի կողքին վրայ, մատիտով:
Տետրին մէջ փակցուած հեղինակներուն դիմանկարներէն շատերը թերթերէ առնուած կտրօններ են, այլ մաս մը՝ դրոշմաթուղթերու ձեւը ունին, հրատարակուած «Համազգային Կրթական եւ Հրատարակչական Ընկ.»եան կողմէ, 1928 թուականին:
Այս ընկերակցութիւնը նոյն անունով հիմնուեր է 1928-ին Գահիրէի մէջ, ապա, երբ կեդրոնը Պէյրութ (Լիբանան) կը փոխադրուի, անունը կը փոխուի եւ կը դառնայ «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն»-ի:
Երբ հասայ Համաստեղի «Երբ այն Օրերուն Երեխայ էիր» քերթուածին, յիշեցի, որ մայրս ալ նման տետր մը ունէր, հազիւ 60-70 էջանի, ճերմակ, փայլուն թուղթով կողքուած, եւ ուր տեղ գտեր էր նաեւ Համաստեղի այս քերթուածը (ինչե՜ր կու տայի, հիմա ափերուս մէջ ունենալու համար մօրս այդ տետրը: Որքա՜ն բան կը կորսնցնենք մեր թափառումներուն ընթացքին, բայց եւ կը մոռնանք նոր շահածները թուելու…):
Ինչո՞ւ սակայն այդ թուականներուն, տարբեր քաղաք/երկիրներու մէջ (մայրս՝ Հալէպ, Դանիէլը՝ Գահիրէ եւ ուրիշներ՝ այլ վայրերու մէջ) պատանիներ նման տետրեր կազմեր են, հաւանաբար ընդօրինակելով թերթերէ եւ հանդէսներէ:
Թերեւս այդ թերթերն ու հանդէսները իրենցը չէին, որովհետեւ նոյն այդ օրերուն թերթերն ու հանդէսներն ալ իրարու կը փոխանցուէին, խնայողութեան համար, գիր-քերուն նման: Իսկ դասագիրքերէ ընդօրինակուածներուն պարա-գային, ինչպէս նշեր է Կաճօեան գրութիւններուն տակ որպէս աղբիւր, փոխանակ փնտռտելու քերթուած մը կամ գրութիւն մը, զայն կարելի կ’ըլլայ անմի-ջապէս գտնել, ընդօրինակուած տետրին մէջէն: Այսինքն՝ անհատական Կուկըլ մը, ուր այդ տետրին տէրը կրնայ շատ արագ կերպով գտնել իր փնտռածը կամ ուզածը:
Զարմանքս եւ հիացումս չեն սպառիր, որքան ալ թղթատեմ այս տետրը:
Ո՞վ է սակայն Դանիէլ Կաճօեան:
Ծնած է Թուրքիա, չենք գիտեր ուր: Գահիրէի Առաջնորդարանի արխիւներուն իր մահուան արձանագրութենէն կ’իմանանք, թէ մահացեր է 1984-ին, երբ 74 տարեկան էր: Ի յայտ կու գայ, թէ 1910-ի ծնունդ է, այսինքն Ջարդի եւ տեղահանութեան օրերուն հազիւ 5 տարեկան երեխայ:
Այս տետրին էջերուն մէջ ծուարած շա՜տ փոքր թղթիկ մը իր երկու կողմերուն վրայ կը կրէ երկու անուններ՝ Պրն. Յակոբ Կոնոեան եւ Պրն. Դանիէլ Կաճօեան, նաեւ երկու այլ բառեր, որոնք կարեւորութիւն կը ստա-նան, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը կը խտացնեն.
«Յիշատակ է
Սիրա»:
Չենք գիտեր թէ ո՞վ է Յակոբ Կոնոեան. բայց լաւ գիտենք Սիրա յունական կղզին, Եգէական ծովուն մէջ, ուր Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Ուիտրօ Ուիլսընի անունը կրող որբանոցը հիմնուած էր – ամէնէն մեծը Միջերկրական ծովուն շուրջ, ուր հայ եւ յոյն որբեր պատսպարուեր էին 1923-1930-ի շրջանին:
1928-ին, երբ որոշուեր էր ա՛լ փակել Սիրայի որբանոցը, յոյն որբերը  ղրկուեր են իրենց ազգական-բարեկամ-ծանօթներուն, իսկ հոն ապաստան գտած հայ որբերը ղրկուեր են Եգիպտոս, նկատի առնելով որ Եգիպտոսի մէջ արդէն կազմակերպեալ հայ գաղութ մը կար, որ կրնար հոգալ այդ որբերը:
Ուրեմն կրնանք ենթադրել, թէ Դանիէլ Կաճօեան Սիրայի որբերէն եղած է ու յետոյ ղրկուեր է Գահիրէ, հաւանաբար Boys՛ Home, ապա շարունակեր է ապրիլ, աշխատիլ եւ իր կեանքը հիմնել հոս, Գահիրէի մէջ:
Այլ շատ փոքր, նամակի պահարանէ մը առնուած կտրօնի մը վրայ Շահէն ստորագրութեամբ կը կարդանք հետեւեալ քառատողը, գրուած
8-1-76-ին, որ կը թուի բնութագրել զինք՝ Դանիէլ Կաճօեանը.
«Ամէն ցաւի դեղ ու դարման ես, Դանիէ՛լ,
Ամէն հոգու հովահար ես, Դանիէ՛լ,
Դժբախտներուն յենարան ես, Դանիէ՛լ,
Չարերու դէմ դուն հպարտ ես, Դանիէլ»:
Յստակ չէ, թէ ո՞վ է Շահէնը. Թերեւս Դանիէլ Կաճօեանը ճանչցողները պիտի կարենային հաստատել ըսուածը իր մասին:
Բայց այս տետրը աւելի քան կը հաստատէ Դ. Կաճօեանի սէրը հայ գիրին եւ գրականութեան հանդէպ, որ արտայայտուեր է նաեւ ստեղծագործութեամբ. իրապէս եգիպտահայ «Կեանք եւ Գիր» հանդէսին մէջ (1944-1950, Գահիրէ, հրատարակիչ՝ Դաւիթ Շահլամեան) կը գտնենք տասնեակ մը քերթուածներ, որոնք կը կրեն Դ. Կաճօեանի ստորագրութիւնը եւ որոնցմէ առաջինը՝ «Լապտերիս», գրուած է 1929 թուականին:
Հերթով կը ներկայացնենք «Կեանք եւ Գիր»-ին մէջ լոյս տեսած իր քերթուածները.
1944 Ա. հատոր Բ. պրակ Լապտերիս Էջ 45
Դ. պրակԼռած ՔնարըԷջ 94
Ը. պրակՎճիտ ՋուրԷջ 191
ԺԲ. պրակՀայաստանի Հայ ՀովիւինԷջ 287
1945 Բ. հատոր Գ. պրակ Հայրենի Կանչը Էջ 68
Ե. պրակՑնծա՛ Հայոց ԱշխարհԷջ 112
Ը. պրակՏենչ ՀայրենիքիԷջ 192
1948 Գ. հատոր Բ. պրակ Գաղտնի Կանչը էջ 43
Գ. պրակՀայրենիքի Վեհ Խորանինէջ 59 ա
Սփիւռքի տարածքին եղեր են ժամանակներ, երբ հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ պատանիներ եւ երիտասարդներ նաեւ ա՛յս ձեւով արտայայտեր են իրենց սէրը: Երանելի ժամանակներ…
 Մարուշ Երամեան