Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը քառամեայ բարձրագոյն ուսում ջամբող այն ամրոցն է, որ ուսանողներուն մտքերը կը պայծառացնէ եւ հայութեան նպաստելու կ̕̕̕առաջնորդէ զանոնք:
Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը վերաբացաւ իր դռները ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Ազգ. Վարչութեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան, տնօրէնուհիին, դասախօսական կազմին եւ մօտակայ ու հեռակայ դրութեամբ մասնակից ուսանողներուն:
Հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս տարի հիմնարկը կը թեւակոխէ իր 30-ամեակը: Անիկա պատրաստած է ու տակաւին կը պատրաստէ հայերէնագէտ կրթական մշակներ ու ղեկավարներ, որոնք իրենց ստացած հայագիտական բարձրորակ ուսումն ու կրթութիւնը նոր սերունդին կը փոխանցեն: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ վերամուտի սեմին հանճարեղ թարգմանիչներու տօնը մեր մէջ պիտի արմատաւորէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին պատկանելիութիւնը եւ մեզի վստահուած առաքելութիւնը ձեռք-ձեռքի տուած սիրով կատարելու պատրաստականութիւնը:
Այնուհետեւ հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեան խրախուսեց ուսանողները, որպէսզի գիտակից եւ պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերեն իրենց ուսման ընթացքին: Ան ըսաւ. «Մեր ազգային, միութենական թէ համայնքային կեանքէն ներս, այսօր շատ աւելի կարիք ունինք մանկավարժ հայերէնաւանդ կրթական մշակներու, քան նախապէս: Եւ այդ գործը վստահուած է այս հիմնարկին»:
Տնօրէնուհին հեզասահ ուսումնական տարեշրջան մաղթեց բոլոր ուսանողներուն:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ Վարչութեան մաղթանքը ուղղեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Դոկտ. Հուրի Ազէզեան՝ շեշտելով, որ այս հիմնարկը Միջին Արեւելքի տարածքին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ ան ոչ միայն մանկավարժ ուսուցիչներ կը հայթայթէ, այլեւ՝ խմբագիրներ, թերթերու աշխատակիցներ, լրագրողներ եւ գործավարներ:
Դոկտ. Հուրի մաղթեց, որ Հայագիտական Հիմնարկը աներեր շարունակէ իր հայանպաստ երթը, որուն զօրավիգ կը կանգնի Ազգային Վարչութիւնը՝ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ: Ապա հիմնարկի տնօրէնուհին հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերամուտին առիթով իր սրտի խօսքն ու հայրական պատգամը ուղղելու:
Սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առաւ Թարգմանչաց վարդապետներուն նուիրական զոհողութիւնները հայութեան նկատմամբ եւ ուսանողները հրաւիրեց անոնցմէ օրինակ քաղելու, որպէսզի ծայրագոյն պատասխանատուութեան ոգիով հետեւին հիմնարկի քառամեայ ծրագրին:
Մակար սրբազան Թարգմանչաց վարդապետները նմանցուց այն պտղատու ծառին, որ կ՚աճի ու պտուղ կու տայ ո՛չ թէ ինքնիրեն սնուցանելու, այլեւ ուրիշները։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ թարգմանիչ վարդապետներն ալ տքնեցան, որպէսզի հայ ազգը ապրի։
Սրբազան հայրը իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց ներկաներուն եւ առցանց մասնակցող նորագիր ուսանողներուն եւ «Պահպանիչ»-ով օրհնեց զանոնք:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը եռանդով հնչեցուց նոր տարեշրջանի առաջին զանգը, որուն ղօղանջը ազգային գիտակցութեան ոգիով ջերմացուց ներկաներուն սրտերն ու հոգիները:
Աւարտին, Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը խնդութեամբ ողողեց ներկաներուն սրտերը՝ հաստատակամ եւ ազգային գիտակցութեամբ ընթանալու դէպի նորանոր նուաճումներ: