Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան Գամիշլիէն մեկնեցաւ Հասիչէ՝ ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն, Նպաստից Յանձնախումբի պատասխանատու Յարութիւն Հայրապետեանի եւ ACN-ի Սուրիոյ պատասխանատու Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանի։
Մակար սրբազան Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ թաղականութեան կազմին կողմէ ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ։ Ապա, ընկերակցութեամբ ազգային պատասխանատուներուն, այցելեց Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան։
Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Սալբի Սերոբեան, Օրդ. Սեդա Տէր Նիկողոսեան, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ իրենց ուրախութիւնը յայտնելով անոր հայրական այցելութեան առիթով։
Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան՝ մաղթելով, որ 2026-2027 ուսումնական տարին ըլլայ յաջողութիւններով եւ բարի արդիւնքներով լեցուն տարի մը։
Ապա, սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, Ս.Օ.Խաչ «Լոռի» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութեան անդամներուն հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Հասիչէ գտնուելուն առիթով եւ բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց նուիրումով ու աշխատանքով կը նպաստեն Հասիչէի հայ համայնքի միասնականութեան, աշխուժութեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի պահպանման ու վերելքին։
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեց ներկաներուն՝ մաղթելով, որ Հասիչէի հայ համայնքը շարունակէ ապրիլ միասնական ոգիով, հաւատքով եւ ազգային գիտակցութեամբ՝ պահպանելով իր եկեղեցական, կրթական եւ ազգային կեանքը։