Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Իպրահիմ Ուլապի շեշտեց Իսրայէլը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց անոր խախտումներուն համար, հաստատելով, որ Կոլանը պիտի մնայ սուրիական հող, իսկ իսրայէլեան բռնակցման բոլոր քայլերը անվաւեր ու չեղեալ են՝ համաձայն միջազգային օրէնքին եւ Ապահովութեան Խորհուրդի թիւ 497 որոշումին։
Ուլապպի Երկուշաբթի օր, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընկերային, Մարդասիրական եւ Մշակութային Հարցերու Երրորդ Յանձնախումբի աշխատանքներու բացման ընթացքին արտասանած իր տեղեկագիրին մէջ ըսաւ. «Սուրիան քայլեր առած է խտրականութեան դէմ պայքարելու, հաւասար քաղաքացիութիւնը արմատաւորելու, մանուկի իրաւունքները պաշտպանելու, կնոջ դերը զօրացնելու եւ անդրսահմանային ոճրագործութիւններու դէմ պայքարելու ուղղութեամբ»։
Ան ընդգծեց, որ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու վերադարձը ազգային առաջնահերթութիւն է, ներկայացնելով «Առանց գաղթակայաններու Սուրիա» տեսլականը եւ տեղահանութեան կառավարումէն ու ժամանակաւոր մարդասիրական օժանդակութենէն դէպի մնայուն լուծումներ, վաղահաս ապաքինում եւ վերաշինութիւն անցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Ուլապի վերահաստատեց Սուրիոյ զօրակցութիւնը ՄԱԿ-ի համապատասխան մեքանիզմներու աշխատանքին՝ շեշտելով հաշուետուութեան, անցումային արդարադատութեան եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի բացայայտման ուղիներուն ազգային պատկանելութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական ազգային հաստատութիւններուն հետ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Յայտնենք, որ անցեալ ամսուան 17-ին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին, Ուլապպի հաստատած էր, որ Սուրիան դարձած է անհրաժեշտ ու անխուսափելի գործընկեր մը՝ շրջանին մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը երաշխաւորելու համար, շեշտելով, որ Իսրայէլ մեծագոյն սպառնալիքը կը ներկայացնէ ամբողջ շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան, եւ թէ Դամասկոս ընթացքի մէջ է դիւանագիտական լուծումներու եւ Ամերիկայի հովանաւորութեամբ ապահովական համաձայնագիրի ուղղութեամբ՝ առանց ընդունելու բռնագրաւումը կամ զիջելու սուրիացի ժողովուրդի իրաւունքներէն։