Սուրիական պատուիրակութիւն մը՝ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Թմրամիջոցներու Դէմ Պայքարի Վարչութեան պետ, զօրավար Խալետ Այտի գլխաւորութեամբ, Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբերին այցելեց Վիեննայի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող գիտական փորձարանները՝ ընկերակցութեամբ Գիտական եւ Փորձարանային Սպասարկութիւններու Բաժանմունքին։
Այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ թմրամիջոցներու քննութեան եւ քիմիական նախանթերթերու ճշդման համար որդեգրուած գիտական չափանիշերուն ու գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ արդիական սարքաւորումներուն, արհեստագիտութիւններուն եւ որդեգրուած ապահովութեան քայլերուն։