Որպէս Ֆրանսայի մէջ ապրող եւ ֆրանսական դպրոց յաճախող աշակերտուհի՝ ես առաջին անգամ շատ մօտէն տեսայ, թէ երիտասարդներու համար ի՛նչ կը նշանակէ ունենալ ազատութիւն՝ արտայայտելու իրենց կարծիքը, բողոքելու եւ բարձրաձայն պահանջելու այն փոփոխութիւնները, որոնց կը հաւատան։

Այս օրերուն Ֆրանսայի շատ մը դպրոցներու աշակերտներ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն։ Անոնք կը բողոքեն դպրոցներու պայմաններուն, ուսուցիչներու պակասին, գերբնակուած դասարաններուն, երկար դպրոցական ժամերուն եւ կրթական համակարգի տարբեր հարցերուն դէմ։ Որոշ դպրոցներ փակուած են, իսկ աշակերտներ փողոցներուն մէջ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն։

Ինծի համար շատ տպաւորիչ էր տեսնել, թէ իմ տարիքիս, եւ նոյնիսկ ինձմէ աւելի փոքր աշակերտները, ինչպէս կրցան ամբողջ քաղաքի կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունենալ։

Երբ կը տեսնեմ երիտասարդներ, որոնք իրենց ձայնը կը բարձրացնեն եւ կ’ըսեն, թէ իրենց դպրոցը իրենց կարծիքով բաւարար լաւ պայմաններ չունի, ես կը մտածեմ, թէ որքա՜ն մեծ բան է այդ կարելիութիւնը։

Այստեղ աշակերտը կրնայ ըսել՝ «Ես համաձայն չեմ»։
Կրնայ քննադատել։
Կրնայ բողոքել։
Կրնայ պահանջել փոփոխութիւն։
Կրնայ փողոց դուրս գալ եւ իր կարծիքը ուրիշներու հետ կիսել։
Եւ ամենակարեւորը՝ անիկա կրնայ ըսել այս բոլորը, որովհետեւ ինք ունի իր ձայնը օգտագործելու իրաւունք։

Սկիզբը, երբ տեսայ այս բողոքները, առաջին արձագանքս եղաւ՝ «Ինչո՞ւ դպրոց մը այրելու աստիճան կը հասնին»։ Ես հասկցայ, որ այդ չափազանցութիւն է։ Ոչ մէկ պահանջ այնքան կարեւոր պէտք է ըլլայ, որ ուրիշներու կեանքը վտանգի ենթարկուի կամ հանրային սեփականութիւնը ամբողջութեամբ քանդուի։

Բայց երբ միւս կողմէն նայեցայ, հասկցայ նաեւ ուրիշ բան մը. այս երիտասարդները այնքան վստահ են իրենց արտայայտուելու իրաւունքին, որ կը հաւատան՝ իրենց ձայնը պէտք է լսուի։ Եւ այդ վստահութիւնը ինծի համար շատ տպաւորիչ է։

Ես այս օրերուն հասկցայ, որ երբեմն ազատութիւնը ամենաշատը կը զգաս այն պահուն, երբ կը տեսնես ուրիշներ, որոնք առանց վախի կը խօսին։

Այս բողոքներուն մէջ ինծի համար հետաքրքրական ուրիշ բան մըն ալ կայ՝ ուսուցիչներուն վերաբերմունքը աշակերտներուն նկատմամբ։

Շատ մը ուսուցիչներ իրենք ալ դժգոհ են կրթական համակարգի պայմաններէն։ Այս շարժումը նոյնիսկ սկսաւ այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր ուսուցիչները բողոքած էին անձնակազմի պակասին դէմ, իսկ աշակերտները յաջորդ օրը միացան իրենց եւ փակեցին դպրոցին մուտքը՝ ի նշան աջակցութեան։

Այսինքն՝ ուսուցիչը աշակերտին թշնամին չէ։

Ուսուցիչը կրնայ ըսել. «Դպրոցը մի՛ վնասէք, ոչ մէկուն վտանգի մէջ դրէք», բայց միեւնոյն ատեն կրնայ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ աշակերտները բողոքելու որոշում առած են։ Որոշ ուսուցիչներ իրենք ալ կը պայքարին աւելի լաւ աշխատանքային պայմաններու, աւելի շատ անձնակազմի եւ աւելի լաւ կրթական համակարգի համար։

Աշակերտներուն բողոքին գլխաւոր պատճառները

1. Երկար դպրոցական օրեր
Ֆրանսայի մէջ որոշ դպրոցներու դասերը կրնան վերջանալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 6-ը։ Իսկ եթէ աշակերտը դպրոցէն հեռու կ’ապրի, ան կրնայ առաւօտեան ժամը 5-ին արթննալ եւ միայն երեկոյեան ժամը 7-ին տուն հասնիլ։ Այսինքն՝ ան ամբողջ օրը դպրոցին եւ ճամբուն մէջ կ’անցընէ։

2.Ուսուցիչներու նուազում
Երբ ուսուցիչ մը բացակայ է, միշտ չէ որ այլ ուսուցիչ մը կը փոխարինէ զինք։

3. Դպրոցներու պայմանները
Որոշ դպրոցներու մէջ շէնքերը, դասարանները կամ սարքաւորումները պէտք եղած որակը չունին։

4.Կրթութեան համար աւելի շատ միջոցներու պահանջը
Աշակերտները կը պահանջեն աւելի շատ ուսուցիչներ, աւելի լաւ պայմաններ եւ յաւելեալ աջակցութիւն։

5.Parcoursup-ի ճնշումը
Աշակերտները մեծ ճնշում կը զգան համալսարան ընտրելու եւ իրենց ապագային մասին որոշումներ տալու պատճառով։

Parcoursup-ը Ֆրանսայի այն համակարգն է, որ լիսէի աշակերտները կը գործածեն բարձրագոյն կրթութեան համար դիմումներ ներկայացնելու նպատակով։ Երբ աշակերտը կը մօտենայ լիսէի վերջին տարուան, ան պէտք է սկսի մտածել՝ ի՞նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրէ, ո՞ւր պիտի դիմէ, ի՞նչ կրթութիւն պիտի ստանայ եւ ի վերջոյ ի՞նչ ապագայ պիտի ունենայ։

Այս ամենը արդէն ինքնին մեծ ճնշում է դեռահասի մը համար։

Աշակերտը կրնայ մտածել. «Եթէ սխալ ընտրութիւն ընեմ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագաս»։

«Եթէ իմ ուզած համալսարանը զիս չընդունի՞»։

«Եթէ իմ գնահատականներս բաւարար չըլլա՞ն»։

«Եթէ իմ ուզած մասնագիտութիւնը չկարենա՞մ սորվիլ»։

Այս պատճառով Parcoursup-ը շատ աշակերտներու համար դարձած է անհանգստութեան եւ ճնշման աղբիւր։ Ներկայ շարժման ընթացքին աշակերտները բազմիցս բարձրաձայնած են այս համակարգին հետ կապուած իրենց մտահոգութիւնները եւ պահանջած են փոփոխութիւններ։

Երբ կը մտածեմ Ֆրանսայի մէջ դպրոցական կեանքին մասին, ինծի համար կան քանի մը տպաւորիչ բաներ, որոնք մնացած են մտքիս մէջ՝

Փոքր տարիքէն՝ մանկապարտէզէն սկսեալ, երեխաները կը սորվին իրարու հետ ապրիլ եւ յարգել տարբեր ազգութիւններ, կրօնքներ եւ մշակոյթներ։ Ես երբեք չեմ տեսած, որ մէկը կրօնի կամ ազգութեան պատճառով կռուի ուրիշի հետ։ Ընդհակառակը, ես տեսած եմ մեծ յարգանք եւ սէր իրարու հանդէպ։

Ես նաեւ շատ կը գնահատեմ այն յարգանքը, որ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ կը տեսնեմ։ Իմ փորձառութեան մէջ ես գրեթէ երբեք չեմ տեսած աշակերտ մը, որ ուսուցիչէն վախնայ։ Ուսուցիչը կրնայ ըլլալ խիստ կամ պահանջկոտ, բայց ես չեմ տեսած այնպիսի վերաբերմունք, որ աշակերտը զգայ, թէ ինք ստոր է կամ իր կարծիքը արժէք չունի։ Նոյն ձեւով, ես ալ չեմ տեսած, որ աշակերտները ուսուցիչները չյարգեն միայն այն պատճառով, որ իրենք աւելի երիտասարդ են։

Դպրոցը միայն դաս սորվելու վայր մը չէ։ Անիկա նաեւ այն վայրն է, ուր երիտասարդ մը կը սորվի ուրիշ մարդոց հետ ապրիլ, ուրիշներու կարծիքները լսել եւ հասկնալ, որ բոլորը նոյնը չեն։ Երբ ամէն օր դասարանի մը մէջ կը նստին տարբեր երկիրներէ, տարբեր մշակոյթներէ եւ տարբեր կրօններէ եկած մարդիկ, բնականօրէն կը սորվիս յարգել տարբերութիւնները։

Այստեղ ես աւելի լաւ հասկցայ, որ ազատութիւնը չի նշանակեր կանոններ չունենալ։

Ընդհակառակը՝ երբ կան յստակ կանոններ, մարդը աւելի լաւ գիտէ, թէ որոնք են իր իրաւունքները եւ որոնք են իր պարտականութիւնները։ Երբ խնդիր մը կը պատահի, կայ օրէնք մը, որուն կարելի է դիմել։ Երբ աշակերտ մը անարդար վերաբերմունքի կ’ենթարկուի, ան գիտէ, որ ունի իրաւունքներ։ Երբ աշակերտ մը համաձայն չէ որոշումի մը հետ, ան կրնայ իր կարծիքը արտայայտել։

Եւ թերեւս ասիկա է այն բաներէն մէկը, որ ամենաշատը կը գնահատեմ Ֆրանսայի մէջ։

Իմ կարծիքով, կրթական համակարգը միայն գնահատականներու, քննութիւններու եւ դասերու համակարգ մը չէ։ Դպրոցը մարդուն կը սորվեցնէ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրի ուրիշներու հետ։

Չեմ ըսեր, որ Ֆրանսայի կրթական համակարգը կատարեալ է։ Վերջին բողոքներն ալ կը ցուցնեն, որ այստեղ շատ հարցեր կան եւ աշակերտները դեռ շատ բան ունին պահանջելու։ Բայց անձնական փորձառութիւնս ինծի սորվեցուց, որ կրթութիւնը միայն այն չէ, թէ քանի՛ նիշ ստացար քննութեան մը մէջ։

Կրթութիւնը նաեւ այն մասին է, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերինք իրարու։

Ինչպէ՛ս կը յարգենք այն մարդը, որ մեզմէ տարբեր է։

Ինչպէ՛ս կը լսենք ուրիշին կարծիքը։

Եւ ինչպէ՛ս կը պաշտպանենք մեր իրաւունքները՝ առանց ուրիշին իրաւունքները խլելու։

Անի Բերլա Թէրզեան