Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հասաւ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ, ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանիի, պաշտօնական այցելութեամբ մը՝ հանդիպելու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուհամմետ պըն Սալմանին:
Նախագահ Շարաաը ու Շայպանին դիմաւորեց Ռիատի շրջանի իշխան՝ Ֆայսալ պըն Պանտար պըն Ապտըլ Ազիզ: