«Փրեսսինկ» հաղորդաշարի եթերին վրայ Սաթիկ Սէյրանեան հիւրընկալած է Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու Կարէն Ճինպաշեանը:

Կարէն Ճինպաշեանի հետ հարցազրոյցի հիմնական կէտերը՝ ստորեւ.

• Մեր ազգը միասնական պահող Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է, որ թուրքերը կ’ուզեն պառակտել, որպէսզի ազգը տկարանայ: Կը փորձեն Սփիւռք ներթափանցել, հեղինակազրկել, բայց ամէն ինչ կ’ընենք, որպէսզի ատիկա տեղի չունենայ:

• Փաշինեանի վարչակազմը ամէն ինչ ըրած էր, որ Նիւ Եորքի մէջ հայ ուսանողներուն հետ հանդիպումը տեղի ունենայ փակ ձեւաչափով եւ բոլորին համար: Անոնք, որոնք կրնային անհանգստացնող հարցեր տալ Փաշինեանին, հրաւիրուած չէին: Հրաւիրուած էին միայն Փաշինեանի համակիրները: Կրթական հաստատութիւնը վերածած էին քաղաքականի: Իրենց քիչ թուացած էր Հայաստանի մէջ պառակտում մտցնելը, հիմա անցած են Սփիւռքին:

• Ասիկա միակ դէպքը չէ: Ամիսներ առաջ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի նախորդ դեսպան Լիլիթ Մակունցն ու Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եկան Քալիֆորնիա, դարձեալ փակ հանդիպում ունեցան, լուսանկարուեցան, հրապարակեցին ու գացին: Անիմաստ բեմադրութիւն է, թատրոնի պէս կը խաղան ու կերթան: Մենք՝ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային անվտանգութեամբ մտահոգ սփիւռքահայեր, Հայաստանի իշխանութիւններու այս խաղերուն մէջ պիտի չմտնենք. աւելի գործնական քայլեր պէտք է ընենք եւ կընենք, ատոր համար ալ մեզ թիրախ կը դարձնեն:

• Սփիւռքահայութիւնը դէմ չէ Հայաստանի՝ երկարատեւ խաղաղութեան ձգտումին, բայց ատիկա պէտք չէ ըլլայ հայկական շահի շարունակական զիջումով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք չէ տարածքներ զիջի, որպէսզի ատրպէյճանցիները ռազմական խարիսխներ տեղադրեն մեր տարածքին մէջ, պէտք չէ զիջինք մեր ինքնիշխանութիւնը եւ պէտք է առաջ տանինք Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջը: Հայ Դատի յանձնախումբը ճիշդ այս հարցերն է, որ առաջ կը տանի իր պայքարին մէջ:

• Սփիւռքահայ երիտասարդները ուսեալ, համալսարաններ աւարտած տղաք ու աղջիկներ են եւ կը հասկնան, որ մասնաւորապէս ասիկա արժանապատիւ խաղաղութիւն չէ:

• Քանի որ օտարութեան մէջ կ’ապրինք, մեր ազգային պատկանելութիւնը աւելի ցցուն պէտք է արտայայտուի, որպէսզի պայքարինք ձուլման դէմ:

• Մենք անմիջապէս կը զգանք, երբ մեր ինքնութեան դէմ քայլեր կը տանուին: Հիմա ալ ունինք այն գիտակցութիւնը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ պայքարն ու մնացեալ բոլոր արկածախնդրութիւնները համաթուրքական պահանջ են:

• Քիչ մը յուսահատած ենք, որովհետեւ մեր աւանդական մեթոտներն ու քայլերը այլեւս այդքան ազդեցիկ չեն, բայց փոխարէնը՝ մենք նոր եղանակներ կը գտնենք երիտասարդութիւնը ազգապահպանման գործին ներգրաւելու համար: Շատեր, երբ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին հայապահպանման ձեռնարկներուն ու զօրաշարժերուն, յետոյ կը խոստովանին, որ հայու արիւնը այլ ձեւով կը զգան այդ պահէն ի վեր, աւելի շատ կը գնահատեն ազգայինը:

• Երիտասարդական ներուժը ընկերային ցանցերու վրայ անսահման է, եւ մենք պէտք է կարենանք այդ ներուժը ճիշդ ուղղութեան մէջ դնել: Պատրաստութիւն կը տանինք, որպէսզի գալիք սերունդը կարենայ Հայ Դատը առաջ տանիլ, հայկական ազգային շահերը առաջ մղել: Նաեւ մեծ միջոցներ կը ներդնենք, որպէսզի հայ երիտասարդները Քոնկրէսի մէջ աշխատանք ունենան ու կարենան մեր առաջնահերթութիւնները առաջ տանիլ:

• Թրքական եւ ատրպէյճանական լոպիները մշտական աշխատանք կը տանին մեր գործունէութիւնը քանդելու համար: «Փափուկ ուժ» կը գործադրեն, կ’աշխատին քոնկրէսականներու եւ մետիայի հետ, կը փորձեն հակահայ եւ փրո-ատրպէյճանական աջակցութիւն ստանալ անոնցմէ: Մենք վարժուած ենք, որ մեր որեւէ գործ հակազդեցութեան պիտի արժանանայ, բայց կը հաւատանք, որ մեր ճամբան շիտակ է:

• Հայ Առաքելական Եկեղեցին Ցեղասպանութենէն ետք եղած է այն կառոյցը, որուն շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կրցած է հայ մնալ: Եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ թէ՛ թրքական իշխանութիւնները, թէ՛ մեր իշխանութիւնները յարձակում սկսած են Եկեղեցւոյ դէմ, կը փորձեն անոր այդ առաքելութիւնը խլել Եկեղեցւոյ ձեռքէն: Մենք կը հասկնանք, որ ասիկա միայն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հարցը չէ. մենք կը փորձենք օտարներուն բացատրել, որ ասիկա աւելի հեռու գացող եւ վտանգաւոր նպատակներ կը հետապնդէ, քան առաջին հայեացքով կրնայ թուիլ:
•
• Մեր խնդիրները զուտ Սփիւռքի կամ համահայկական խնդիրներ չեն. գերիներու, Արցախի հարցերը մարդկային իրաւունքներու հարցեր են, որոնք համամարդկային են:

• Մենք թշնամական կեցուածք չունինք ոչ մէկուն եւ ոչ մէկ կառոյցի նկատմամբ, միշտ պատրաստ ենք գործակցելու, եթէ անոնք հայկական շահերուն դէմ չեն աշխատիր: Մենք թշնամիներ չենք փնտռեր, բայց ով որ մեզի հետ է, թող ըլլայ, ով որ մեր դէմ է, թող մեր դէմ ըլլայ: Մենք մեր առաքելութենէն պիտի չնահանջենք: