Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան հայրական եւ շնորհաբաշխ այցելութիւն մը տուաւ Գամիշլիի ազգային կառոյցներուն, յատկապէս՝ ազգային վարժարաններուն։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ ազգային պատուիրակութեան անդամները։
Ազգային վարժարանի հոգաբարձական կազմը եւ երեք վարժարաններու տնօրէնները ջերմօրէն դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը՝ իրենց ուրախութիւնը յայտնելով Սրբազան Հօր հայրական այցելութեան առիթով։
Ապա, Սրբազան Հայրը այցելեց Ազգային Եփրատ նախակրթարանն ու մանկապարտէզը, ինչպէս նաեւ Ազգային Միացեալ Վարժարանը՝ հանդիպումներ ունենալով տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան հետ։
Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան ջերմօրէն ողջունեց Սրբազան Հայրը՝ իր ուրախութիւնը յայտնելով անոր՝ Ճէզիրէի շրջանին մէջ գտնուելուն եւ յատկապէս՝ ազգային վարժարաններ այցելելուն առիթով։
Իր հայրական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ դպրոցները բաց պահելու եւ աշակերտներուն լաւագոյն դաստիարակութիւնը ապահովելու կարեւորութեան՝ ընդգծելով, որ այս առաքելութիւնը կը կատարուի ուսուցիչներուն հետ միասին։
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Մեծ ճիգ կը թափենք՝ որպէսզի դպրոցները բաց պահենք, եւ մեր ուսուցիչներուն հետ միասին կը փորձենք լաւագոյն դաստիարակութիւնը ձեզի տալ, որպէսզի լաւ քաղաքացիներ ըլլաք, լաւ սուրիացիներ ըլլաք, լաւ աշակերտներ ըլլաք։ Այս բոլորը կ՚ընենք, որպէսզի ապագային լաւագոյն կերպով ձեր կեանքը ապրիք, յաջողութենէ յաջողութիւն բարձրանաք եւ բոլորիս ուրախութիւն պատճառէք։
Շարունակելով իր խօսքը՝ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Ինչ որ պիտի ընէք, հաւատքով ըրէք։ Ինչ որ պիտի ընէք, համարձակութեամբ ըրէք։ Եւ ինչ որ պիտի ընէք, ոչ թէ միայն ձեզի համար ըրէք, այլ՝ ձեր երկրին, ձեր շրջապատի ընկերութեան եւ մարդոց ի նպաստ ու բարօրութեան համար»։
«Այս ուրախ առիթով կը շնորհաւորեմ Հայր Սուրբը, հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՚աշխատին դպրոցը առողջ եւ անոր դռները բաց պահելու համար»։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հօր ապրումները բարձր էին։ Ան մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցաւ ազգային վարժարաններու կեանքին եւ աշակերտութեան խանդավառութեան՝ իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելով կրթական ընտանիքի բոլոր անդամներուն։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս այցելութիւնը եղաւ հայրական սիրոյ եւ քաջալերանքի գեղեցիկ արտայայտութիւն մը՝ նոր շունչ հաղորդելով Գամիշլիի ազգային կրթական կեանքին եւ վերահաստատելով հայ դպրոցին վերապահուած սրբազան առաքելութեան կարեւորութիւնը։
Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեան