«Հետեւաբար, մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն» (Ա. Պտ 2.1):

Պետրոս առաքեալի կողմէ բխած այս յորդորն ու խրատականը այսօր դարձեալ կու գան մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջին ահազանգ մը հնչեցնելու, զգաստութեան հրաւիրելու, միասնութեան կոչնակը զարնելու եւ մեր անձերը վերատեսութեան ենթարկելու՝ մէկդի ձգելով բոլոր այն չար սովորութիւնները, որոնք ի գործ կը դնենք մարդիկը խաբելու համար:
Առաքեալին այս պատգամը պարզապէս բարոյական խրատ մը չէ, այլ ունի խորունկ ախտաճանաչում մը՝ մարդկային հոգիին եւ հասարակական հիւանդութիւններուն: Այս խօսքերը, թէեւ գրուած են 2000 եւ աւելի տարիներ առաջ, այսօր դարձեալ կը հնչեն այժմէական աշխարհի մը մէջ, ուր անհատապաշտութիւնը, կեղծիքը, նախանձն ու ուրիշը ստորնացնելը աւելի զգալի եւ շօշափելի դարձած են, քան որեւէ այլ բարիք:
Մարդկային ընկերութեան ամենաողբերգական պատկերներէն մէկը եղած է սեփական «ես»-ի բարձրացման մոլուցքը՝ ուրիշին հաշուոյն: Երբ մարդուս ներաշխարհը կը գերիշխուի նախանձով, դիմացինին յաջողութիւնն ու բարօրութիւնը կը դառնան անհանգստութեան աղբիւր: Նախանձը կը ծնի նենգութիւն, իսկ նենգութիւնը՝ կեղծաւորութիւն:
Ուրիշը ոտնահարելով բարձրանալու փորձը ինքնախաբէութիւն է: Խտրականութեամբ վարուիլը եւ մեր «ես»-ը ուրիշներէն վեր դասելը ոչ թէ դիմացինը կը նուաստացնէ, այլ մեզ՝ Աստուծոյ դիմաց: Խտրականութիւնը կը ծնի այն ատեն, երբ կը սկսինք մարդոց միջեւ դասակարգում կատարել՝ ըստ անոնց դիրքին, կարողութեան եւ ծագման, պատճառ դառնալով թէ՛ անոնց եւ թէ՛ մեր անձերուն նսեմացման:
Ցաւալի իրականութիւն է, որ հայկական շրջանակներու մէջ ալ նման երեւոյթներ ընդհանրացած են՝ խտրականութիւն, կեղծաւորութիւն եւ նախանձ: Մարդիկ զիրար կ’ատեն. փոխանակ իրարու յաջողութիւններուն խնդակից դառնալու՝ սուգ կը պահեն ու անէծքներ կ’արտասանեն:
Հարց տանք մեր անձերուն. արդեօ՞ք Յիսուս ալ նոյնը ըրաւ, խտրականութիւն դրա՞ւ մարդոց միջեւ: Յիսուս ինքը չէ՞ր, որ մաքսաւորին հետ սեղան նստաւ, պոռնիկը դարձի բերաւ, անդամալոյծը սիրեց եւ քոսոտին ձեռքէն բռնեց: Իսկ մենք ի՞նչ կ’ընենք: Քրիստոս իր վարդապետութեամբ եկաւ միութիւն եւ սէր սերմանելու ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ: Արդիւ՞նքը. բաժանումներ, ո՛չ միայն ազգերու միջեւ, այլ նոյնինքն նոյն ժողովուրդին մէջ: Եւ այս մոլախտին տարածման պատճառը ո՞վ է, եթէ ոչ՝ մենք:
Հետեւաբար, Պետրոս առաքեալի պատգամը ամէն օր մեզի կոչ կ’ուղղէ ձերբազատելու այս բոլոր բացասական երեւոյթներէն, որովհետեւ անոնք կը քանդեն թէ՛ անհատին խաղաղութիւնը եւ թէ՛ հաւաքականութեան համերաշխութիւնը:
Իսկական մեծութիւնը կը կայանայ հոն, ուր կը դադրինք մեր անձերը վեր դասելէ եւ պատերազմ կը մղենք այդ տկարութիւնները յաղթահարելու համար:
Իսկական մեծութիւնը հոն է, երբ թօթափելով նախանձն ու կեղծաւորութիւնը, եւ մերժելով ամէն տեսակ խտրականութիւն՝ ճանապարհ կը բանանք առողջ, ազնիւ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հասարակութեան մը համար:
Վերջապէս, մեծութիւնը հոն է, երբ կը հասկնանք զիրար, կ’ըմբռնենք իրարու հոգերը, դժուարութիւններն ու ցաւերը, երբ կը ճանչնանք իրարու իրաւունքը, ուրախակից եւ տխրակից կ՚ըլլանք միասին եւ կը յարգենք զիրար: Ի վերջոյ, բոլորս ալ Յիսուսեան դպրոցի աշակերտներն ենք:

Արմէն վրդ.
Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2026
Հալէպ