قام نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، برفقة وفد من مطرانية الأرمن الأرثوذكس، بزيارة محافظ الحسكة المهندس نور الدين أحمد، وذلك يوم الاثنين الواقع في 5 تشرين الأول 2026. حضر اللقاء أيضاً نائب المحافظ السيد أحمد الهلالي وقائد الأمن الداخلي السيد مروان العلي.
خلال اللقاء تم الحديث عن أمور تتعلق بالوضع الحالي مع التأكيد على أهمية التعايش السلمي والتعاون بين جميع مكونات المجتمع.
——————
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ին, ազգային պատուիրակութեամբ այցելութիւն տուաւ Հասիչէի Նահանգապետ երկրչփ. Նուր ատ-Տին Ահմետին, նահանգապետարանէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Նահանգապետի Փոխանորդ Տիար Ահմատ ալ-Հիլալի եւ Հասիչէ նահանգի ներքին ապահովութեան պատասխանատու Տիար Մարուան ալ-Ալի։
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ.Պէրպէրեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Ս. Յակոբ եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները։
Հանդիպումին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր, շեշտելով Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ տարրերու խաղաղ գոյակցութեան եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Սրբազան Հայրը համագործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց Հասիչէի Նահանգապետին եւ պայծառ օրեր՝ Ճեզիրէի ժողովուրդին։