Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրին մէջ ՀՀ սահմանը հատած ատրպէյճանցի զինուորին կրակոցէն վիրաւորուած կինը վիրահատուեցաւ․ անոր վիճակը ներկայիս կը գնահատուի կայուն։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Մարիամ Ծատրեան՝ ընդգծելով, որ հիւանդին կը տրամադրուի իր վիճակին համապատասխան բուժօգնութիւն։

«Անոր կեանքին սպառնացող վտանգ չկայ։ Կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ, կը տրամադրուի վիճակին համապատասխան բուժօգնութիւն։ Բարդութիւններ չկան»,- յայտնեց Ծատրեան։