Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան ժամանեց Գամիշլի, ընկերակցութեամբ՝ Յարաբերական Մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեանի, «Aid to the Church in Need» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանի եւ Նպաստից Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեանի։
Սրբազան Հայրը Գամիշլիի մէջ դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Յարաբերական Մարմինի պատասխանատուներուն կողմէ։
Սրբազան Հօր առաջին այցելութիւնը եղաւ նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցի, ուր ան շրջեցաւ շինարարական տարածքին մէջ եւ մօտէն հետեւեցաւ ընթացող աշխատանքներուն։ Ան հանգամանօրէն ծանօթացաւ շինութեան տարբեր փուլերուն, անհրաժեշտ նկատառումները եւ ցուցմունքները փոխանցեց պատասխանատուներուն, ապա բարձրօրէն գնահատեց ցայսօր կատարուած աշխատանքը։
Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Սուրբին եւ Շինարարական Յանձնախումբին՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ հետեւողական աշխատանքին համար, մաղթելով, որ նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը յաջողութեամբ եւ բարւոք ընթացքով հասնի իր աւարտին՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի մխիթարութիւն Ճէզիրէի հայ հաւատացեալ ժողովուրդին։